image

Քուպան ձախnղած պետութիւն է, եւ անոնք պիտի ըլլան յաջորդը. ԱՄՆ նախագահ

Քուպան ձախnղած պետութիւն է, եւ անոնք պիտի ըլլան յաջորդը. ԱՄՆ նախագահ

Քուպան ձախողած պետութիւն է, եւ անոնք պիտի ըլլան յաջորդը: Այս մասին յայտարարած է ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփը:

«Քուպան պիտի ըլլայ յաջորդը: Քուպան ձախողած պետութիւն է, եւ անոնք պիտի ըլլան յաջորդը: Կարճ ժամանակ անց այն պիտի փլուզուի: Եւ մենք պիտի ըլլանք անոնց կողքին՝ օգնելու համար: Մենք պիտի ըլլանք կողքին՝ օգնելու մեր մեծ քուպայական ծագումով ամերիկացիներուն, որոնց վտարած են Քուպայէն:

Շատ պարագաներու անոնց ընտանիքի անդամները խոշտանգուած եւ սպանուած են Քասթրոյի կողմէ: Այնպէս որ, այո, Քուպան պիտի ըլլայ յաջորդը»,-ըսած է Թրամփ՝ պատասխանելով լրագրողի այն հարցին, թէ ինչ նկատի ունէր նախագահը Քուպայի՝ յաջորդը ըլլալու մասին խօսքով: