Տիկին Շաքէ Շոթիկեան երկար տարիներ ծառայած է Պատրիարքարանին՝ որպէս Յոբբէի անշարժ գոյքերու գանձիչ, եւ մասնակից դարձած շրջանի մատղաշ սերունդի ներկայացուցիչներու կրթութեան եւ դաստիարակութեան գործին։
Օրերս իր մահկանացուն կնքած է Իսրայէլի Յոբբէ քաղաքի նուիրեալ հայուհի՝ Շաքէ Շոթիկեան։
Տխրունիին մասին «Արեւելք» իմացաւ Յոբբէի նախկին տեսուչ Հոգշ. Տ. Տիրան Վրդ. Յակոբեանի դիմատետրեան էջէն։
Ստորեւ կը ներկայացնենք Հայր Սուրբին յուզիչ գրառումը․
Խոր ցաւով կը յայտնենք, թէ Յոբբէ համայնքի նուիրեալ եւ աւագ անդամներէն՝ տիկին Շաքէ Շոթիկեան վախճանեցաւ եւ յուղարկաւորուեցաւ։
Օրերս Յոբբէի Հայոց Սուրբ Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետութեամբ Գերշ. Տ. Կորիւն Եպս. Բաղդասարեանի եւ մասնակցութեամբ Յոբբէի նախկին տեսուչ Հոգշ. Տ. Տիրան Վրդ. Յակոբեանի ու հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Սուրէն Քհնյ. Ղազարեանի, տեղի ունեցան տան եւ եկեղեցւոյ կարգերը, ապա՝ յուղարկաւորութիւնը Յոբբէի Հայոց գերեզմանատան մէջ, իր ամուսնոյն՝ Տիար Սերոբ Շօթիկեանի կողքին։
Յուղարկաւորութեան արարողութեան ներկայ էին Յոբբէի ՀՄԸՄ «Հայկաշէն» մասնաճիւղի վարչութեան անդամներ, բազմաթիւ հայեր եւ օտարներ, ինչպէս նաեւ կաթողիկէ հոգեւորականներ։
Թող բարին Աստուած իր յաւիտենական լոյսերուն մէջ ընդունի սիրելի տիկին Շաքէ Շոթիկեանի հոգին եւ Սուրբ Հոգիով մխիթարէ վշտակիր դուստրերը՝ Անին եւ Արփին, իրենց ընտանիքները եւ բոլոր հարազատները։
Տիկին Շաքէ Շոթիկեան երկար տարիներ ծառայած է Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանին՝ որպէս Յոբբէի անշարժ գոյքերու գանձիչ, եւ մասնակից դարձած շրջանի մատղաշ սերունդի ներկայացուցիչներու կրթութեան եւ դաստիարակութեան գործին։
