image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպի մէջ. Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետի չարչարանաց եւ մուտն ի վիրապ տօնը յիշատակուեցաւ Սուրբ եւ անմահ պատարագով

Հալէպի մէջ. Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետի չարչարանաց եւ մուտն ի վիրապ տօնը յիշատակուեցաւ Սուրբ եւ անմահ պատարագով

Օրերս, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի հանդիսապետութեամբ, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետի չարչարանաց եւ մուտն ի վիրապ տօնը հանդիսաւոր կերպով յիշատակուեցաւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։

Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը մատուցած եւ օրուան պատգամը փոխանցած է Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի դիմատետրի պաշտօնական էջէն։ 

Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը՝

Հանդիսապետութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, Կիրակի, 22 Մարտ 2026-ի առաւօտուն, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետի չարչարանաց եւ մուտն ի վիրապ տօնը յիշատակուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագով, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ: 

Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան։

Հայր Սուրբի քարոզին բնաբանն էր՝ օրուան աւետարանական հատուածը (Մտ 22.34-23.39), ուր Քրիստոս կ՚ըսէ. ««Սիրէ՛ քու Տէր Աստուածդ ամբողջ սրտովդ, ամբողջ հոգիովդ եւ ամբողջ մտքովդ»։ Ասիկա է մեծագոյն եւ կարեւորագոյն պատուիրանը։ Երկրորդը ատոր նման է. «Սիրէ՛ ընկերդ քու անձիդ պէս»։ Այս երկու պատուիրաններէն կախեալ են ամբողջ Օրէնքը եւ մարգարէներու ուսուցումները»։

Հայր սուրբը դիտել տուաւ, որ Գալստեան Կիրակիին աւետարանական հատուածին ընդմէջէն կոչուած ենք սորվելու, թէ ինչպէ՞ս պէտք է դիմաւորենք Տիրոջ գալուստը եւ ինչպէ՞ս Քրիստոսի հետեւորդներ կ՚ըլլանք։ Ան յայտնեց, թէ որպէս քրիստոնեաներ կոչուած ենք ամբողջական նուիրումով եւ սիրով սիրելու մեր Տէր Աստուածը, նաեւ սիրելու մեր ընկերը մեր անձերուն պէս։ Ան նշեց, թէ Տէրը նաեւ կը զգուշացնէ եւ վայեր կը կարդայ այն կեղծաւորներուն եւ յափշտակողներուն, որոնք պատճառ կը դառնան իրենց բարեկամներուն կորուստին, նաեւ տգիտութեամբ երդում ընողներուն, որոնք ճշմարտութիւնը կը խաթարեն։ Հետեւաբար, Քրիստոս կը պատուիրէ արժանայել կերպով դիմաւորել իր գալուստը, պահելով իր պատուիրանները։

Հայր Սուրբը հոգեւոր դաստիարակութեան նպաստող հարցումներ հարցնելով, հրաւիրեց հաւատացեալները ինքնաքննութեան ճամբով ամբողջական կերպով սիրելու Տէր Աստուածը՝ ճշմարիտ զղջումով, կենդանի հաւատքով եւ Աստուծոյ հանդէպ անկեղծ սիրով։ Հայր Սուրբը անհրաժեշտ նկատեց մեր հոգեւոր կեանքի աճումը՝ սնունդ տալով անոր։ 

Խօսելով հայ ժողովուրդի երկրորդ լուսաւորիչին՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի կրած չարչարանքներուն եւ խոր վիրապ նետուելու մասին, ան ներկաները հրաւիրեց հայրապետի կեանքի օրինակով անտեսել աշխարհիկ կեանքը, սիրել Տէր Աստուածը եւ մեր նմանները՝ ստանալու համար Քրիստոսատուր կեանքը։

Հայր Սուրբը փառք տուաւ Ամենակալին, շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր իրեն տուած այս առիթին համար եւ շնորհաւորեց եկեղեցւոյ քահանայ հայրերը, թաղական խորհուրդը, աղքատախնամը, տիկնաց յանձնախումբը, սարկաւագները, դպրապետը, դպրաց դասը, նաեւ շնորհաւորեց Գրիգոր անունը կրող հայորդիները։

Աւարտին, Հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ՝ ննջեցեալներու հոգիներուն խաղաղութեան համար։

Որմէ ետք, եկեղեցւոյ տիկնաց յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, բարեսիրական նպատակով ճաշի եւ քաղցրաւենիի վաճառք կատարուեցաւ՝ եկեղեցւոյ կից գտնուող Ազգ. Սահակեան նախկին մանկապարտէզի կառոյցէն ներս։