image

Փեսքով մեկնաբանած է Փաշինեանի հրաժարման լուրը

Փեսքով մեկնաբանած է Փաշինեանի հրաժարման լուրը

 

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ ապրիլին հրաժարական տալու որոշումը չի պահանջեր անյապաղ զրոյց Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ, ըսած է Փեսքովը, կը հաղորդէ ԹԱՍՍ-ը ։

 

«Ան (Փաշինեանը) պիտի մնայ Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար, ուստի հրապարակուած որոշումը, անյապաղ խօսակցութիւն չի պահանջեր», — ըսած է Քրեմլի ներկայացուցիչը:

Փեսքով աւելցուցած է, որ երկու երկիրներու ղեկավարները «վերջերս շփուած են, շփումները մշտական բնոյթ կը կրեն»:

Փաշինեանը, Կիրոակի օր, Արմաւիրի մարզի Արագած գիւղի բնակիչներու հետ հանդիպման ժամանակ յայտարարած է, որ ապրիլին հրաժարարական պիտի տայ։