image

Իրան չէ մասնակցած Իսլամապատի բանակցութիւններուն. Պաղայի

Իրան չէ մասնակցած Իսլամապատի բանակցութիւններուն. Պաղայի

Իրան չէ մասնակցած Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ հակամարտութեան դադրեցման հարցով Իսլամապատի մէջ կայացած հանդիպման, ԱՄՆ-ի հետ բանակցութիւններ չեն եղած: Այս մասին յայտարարած է Իրանի ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ Էսմայիլ Պաղային:

«Նախորդ փուլէն մինչ այս պահը ԱՄՆ-ի հետ ուղիղ բանակցութիւններ չեն եղած։ Այն, ինչի մասին կը խօսուի, ուղերձներ են, որոնք մենք ստացած ենք շարք մը միջնորդներէ, նաեւ՝ Փաքիստանէն, բանակցութիւններ վարելու ԱՄՆ-ի ցանկութեան եւ հարցման վերաբերեալ»,-ըսած է Պաղային։