Օրերս Աթէնքի մէջ հովանաւորութեամբ թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խորէն եպս. Առաքելեանին տեղի ունեցած է հոգեշահ միջոցառում մը՝ «Հայոց Լեզուն եւ հայրենասիրութիւնը» ընդհանուր խորագրին ներքոյ։
Ստորեւ այդ մասին ամփոփ տեղեկագրական մը։
Այսօրուան արագափոխ եւ մարտահրաւէրներով լի աշխարհին մէջ, ուր ինքնութիւնը յաճախ կը կանգնի մոռացութեան վտանգին առջեւ, հայոց լեզուն կը մնայ որպէս մեր ազգային էութեան ամէնէն զօրաւոր ու անխախտ հենարանը։ Ան ոչ միայն հաղորդակցութեան միջոց է, այլ՝ պատմութիւն, յիշողութիւն եւ հոգեւոր ժառանգութիւն, որ դարերէ ի վեր կը միացնէ հայ մարդը իր արմատներուն եւ հայրենիքին։
Այս խոր գիտակցութեամբ եւ ազգային ոգիով ներշնչուած, այսօր Յունահայոց Թեմին հովանիին ներքոյ տեղի ունեցած է հոգեւոր-մշակութային բովանդակալից ձեռնարկ մը՝ «Հայոց լեզուն եւ հայրենասիրութիւնը» խորագրով։
Երեկոյեան բանախօսն էր դասախօս Յակոբ Այնթապլեան, որ իր ելոյթին մէջ հանգամանօրէն անդրադարձաւ հայոց լեզուի պահպանութեան կարեւորութեան, անոր առանցքային դերին՝ ազգային ինքնութեան պահպանման գործին մէջ, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն։ Ան յատկապէս շեշտեց Սփիւռքի եւ Հայրենիքի միաւորման անհրաժեշտութիւնը՝ կոչ ուղղելով իւրաքանչիւրին գիտակցելու Հայրենիքին տէր կանգնելու պատասխանատուութիւնը եւ այդ ուղղութեամբ գործնական քայլերու ձեռնարկելու։
Ձեռնարկը աւելի եւս յուզիչ ու գեղարուեստական շունչ ստացաւ երգիչ-երգահան Վահագ Ռաշի երաժշտական կատարումներով, որոնք լեցուն էին հայրենասիրական ոգիով։
Ձեռնարկը համախմբեց համայնքի անդամները՝ վերահաստատելով, թէ հայոց լեզուն եւ ազգային արժէքները մեր ինքնութեան հիմնասիւներն են, իսկ անոնց պահպանումն ու Հայրենիքին հանդէպ պատասխանատուութիւնը՝ իւրաքանչիւր հայու սրբազան պարտքը։
