Իսրայէլեան «Հաարէթց» թերթը վերլուծական յօդուած մը հրապարակած է, ուր յօդուածագիրն անդրադարձած է երեքշաբթի օր կայանալիք գագաթնաժողովին, որ պիտի գոմարուի ԱՄՆ եւ Հիւսիսային Քորէայի նախագահներուն միջեւ:
Յօդուածագիրին կարծիքով, ԱՄՆ մը ձգտի զբաղեցնել Հիւսիսային Քորէան Սինկափուրի մէջ, մինչեւ առաւել էական հարցին՝ Իրանին անդրադառնալը:
Յօդուածագիրը դիտել տուած է, որ առաջին անգամ ըլլալով ԱՄՆ-ի եւ Հիւսիսային Քորէայի ղեկավարները երկկողմ հանդիպում կը կազմակերպեն, ու թէեւ արդիւնքներու մասին ոչ մէկ կանխատեսում կայ, սակայն կողմերը դրական տրամադրուած են:
Վերլուծաբաններու կարծիքով, Հիւսիսային Քորէա երբեք մտադիր չէ իր զէնքերէն հրաժարելու առաջարկին ընդառաջել, իսկ Թրամբ փոքրագոյն մանրմասներուն վրայ կը կեդրոնանայ:
Յօդուածագիրին կարծիքով, Թրամբ այն նախագահն է, որուն քայլերը երբեք կանխատեսելի չեն եղած, սակայն ան որոշեց երկխօսութիւն սկսիլ Քիմ Եոնկի հետ:
Ինչ կը վերաբերի Իրանին, յօդուածագիրին կարծիքով, ԱՄՆ վստահ է, որ Հիւսիսային Քորէայի օրինակով հնարաւոր չէ Իրանը ետ կանգնեցնել իր վարած քաղաքականութենէն, որովհետեւ վերջինս շարք մը հակամարտութիւններու մէջ ընդգրկուած է, մասնաւորապէս ԱՄՆ-ի դաղնակիցներուն դէմ:
Ամերիկացի որոշ դիւանագէտներու կարծիքով, Իրանը նեղ կացութեան մատնելը ԱՄՆ-ի շահերէն չի բխիր, որովհետեւ ան կրնայ ընդարձակել իր ներկայութիւնը Սուրիոյ մէջ, ինչպէս նաեւ վերանորոգել իր զինամթերքի ծրագիրը, հետեւաբար, ԱՄՆ կը ձգտի Իրանի հետ ռազմավարական լուծման հասնիլ, խուսափելով հաւանական պատերազմի բռնկումէ: