«Ինթըրֆաքս» լրատուական գործակալութիւնը գրած է, որ Հայաստանի ընդդիմութիւնը յայտարարած է բողոքի անդադար գործողութիւններ սկսելու մասին, քանի դեռ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հրաժարական չէ տուած:
Հայաստանի ընդդիմութիւնը կը պահանջէ Փաշինեանի հրաժարականը՝ 2020-ի նոյեմբերին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հրադադարի մասին եռակողմ յայտարարութեան ընդունումէն ետք, ըստ որու՝ տարածաշրջանի մի քանի շրջաններ անցած են Ատրպէյճանին, նշած է «Ինթըրֆաքսը»:
«Նոն-սթափ» ցոյցերու մեկնարկի մասին գրած է նաեւ РБК-ն:
«Այս պահէն մենք կը սկսինք բողոքի անդադար արշաւներ: Քաղաքի կեդրոնին մէջ կը բաժանուինք չորս ուղղութիւններու եւ կը շարունակենք անհնազանդութեան գործողութիւնները: Քաղաքը պէտք է կաթուածահար ըլլայ»,- «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»-ի համակարգող Իշխան Սաղաթէլեանի խօսքերը մէջբերած է լրատուական գործակալութիւնը:
Իր հերթին, «ՌԻԱ Նովոստին» յայտնած է, որ Հայաստանի մէջ պարբերաբար կը կայանան վարչապետ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով ընդդիմութեան ցոյցեր, որոնք սկսած են 2020-ի նոյեմբերին Ղարաբաղի մէջ զինադադարի մասին համաձայնագիրը ստորագրելէն ետք:
«Անոր հրաժարականը պահանջող ընդդիմադիր ուժերը վարչապետի պաշտօնին կ'առաջադրեն երկրի կառավարութեան նախկին ղեկավար Վազգէն Մանուկեանի թեկնածութիւնը: Դեկտեմբերի վերջը Փաշինեանը քաղաքական ուժերը հրաւիրած է խորհրդակցութիւններու՝ 2021-ին արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ կայացնելու վերաբերեալ: Սակայն հետագային իշխանութիւնները յայտարարած են, որ ընտրութիւններու հանրային պահանջ չկայ»,- հաղորդած է «ՌԻԱ Նովոստին»:
Ինչպէս նշած է ԹԱՍՍ-ը, ընդդիմադիր «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ը շաբաթ օր աւարտած է բազմահազարանոց հանրահաւաքը հանրապետութեան հրապարակին մէջ, որու մասնակիցները փակած են մայրաքաղաքի մի քանի փողոցներ: