image

Մայիս 9-ի «Յաղթանակի օրուան» առթիւ Վլատիմիր Փութինի ուղերձը Սարգսեանին

Մայիս 9-ի «Յաղթանակի օրուան» առթիւ Վլատիմիր Փութինի ուղերձը Սարգսեանին

Հայրենական մեծ պատերազմի յաղթանակի 76-ամեակի առթիւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագաh՝ Արմէն Սարգսեանին շնորհաւորական ուղերձ յղած է Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ՝ Վլատիմիր Փութին։

Ինչպէս տեղեկացուցին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն, ուղերձով ըսուած է․

«Յարգելի Արմէն Վարդանի,

Սրտանց կը շնորհաւորեմ ձեզ Հայրենական մեծ պատերազմի յաղթանակի 76-ամեակի առթիւ։

Նշելով այս տօնը՝ մեր մեծարանքի տուրքը կը մատուցենք մեր պապերուն ու հայրերուն, որոնք հսկայական զոհերու ու զրկանքներու գնով ջախջախեցին նացիստական յարձակողները։

Համոզուած եմ, որ պատերազմի տարիներուն կոփուած փոխօգնութիւնն ու բարեկամական կապերը հետագային եւս յուսալի հիմք կը ծառայեն հայ-ռուսական դաշնակցային յարաբերութիւններու զարգացման համար։

Կը խնդրեմ քաջառողջութեան ու բարօրութեան մաղթանքներս փոխանցել հայկական հողին վրայ ապրող բոլոր վեթերաններուն»։

Լուրը՝ «Արմէնբրես»-էն