image

Եգիպտոս դատապարտած է Միջերկրական ջուրերուն մէջ Թուրքիոյ նկրտումները

Եգիպտոս դատապարտած է Միջերկրական ջուրերուն մէջ Թուրքիոյ նկրտումները

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը 2 օգոստոսին յայտարարութիւն տարածած է` անդրադառնալով Թուրքիոյ կողմէն Միջերկրական ծովի արեւելեան հատուածին մէջ հորատման աշխատանքներու շրջածիրէն ներս ծրագրուած երկրաշարժական հետազօտութիւններուն:

Յայտարարութեան մէջ, մասնաւորապէս, ըսուած է, որ Թուրքիոյ այս գործողութիւնները կը խախտեն Գահիրէի ինքնիշխան իրաւունքները: Այս մասին կը գրէ Gazete Karınca պարբերականը:

«Թուրքիան իր երկրաշարժական հետազօտութիւններով կը խախտէ Եգիպտոսի բացառիկ տնտեսական գօտին եւ Գահիրէի ինքնիշխան իրաւունքները»,-ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Նախորդ ամիս Եգիպտոսի ԱԳՆ-ի տարածած եւս մէկ յայտարարութեան մէջ ըսուած էր, որ «Թուրքիոյ նաւերը խախտած են Եգիպտոսի ջրային սահմանը»: Եգիպտական կողմը Թուրքիոյ քայլերը կը բնորոշէ որպէս «յարձակում»:

Երկրաշարժային հետազօտութիւնները կազի հետախուզման նախապատրաստական աշխատանքներէն մէկն է:

Թուրքիոյ յարաբերութիւնները Միջերկրական ծովի արեւելեան հատուածի պետութիւններուն հետ սրուած է իր կողմէն այս երկիրներուն ջրային տարածքներուն մէջ հորատման աշխատանքներ սկսելէն ետք: