Մարդու իրաւունքներու պաշտպանն այսօր ընդունած է Եգիպտոսի մէջ Հայ դատի յանձնախումբի ղեկավար Արմէն Մազլումեանի ղեկավարութեամբ Հայաստան ժամանած պատուիրակութիւնը: Պատուիրակութեան կազմին մէջ ընդգրկուած եղած են ինչպէս Եգիպտոսի խորհրդարանի նախկին պատգամաւոր, այնպէս ալ յայտնի լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ, իրաւապաշտպաններ:
Արման Թաթոյեանը ներկայացուցած է 2020 թուականի նոյեմբեր-դեկտեմբեր ամիսներուն Արցախի մէջ տեղի ունեցած պատերազմի ընթացքին ատրպէյճանական զինուած ուժերու կողմէ իրականացուած պատերազմական յանցագործութիւնները:
ՄԻՊ-ը նշած է, որ ան մանրամասն անդրադարձած է Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներու վերադարձի հրատապութեան՝ նշելով, որ ատրպէյճանական իշխանութիւններու պահուածքը կոպտօրէն կը խախտէ միջազգային պահանջները՝ գերիները ներկայացնելով «ահաբեկիչներ» կամ «ներթափանցողներ»:
Պաշտպանը նշած է, որ հայկական կողմի բոլոր զինծառայողները եւ քաղաքացիական անձինք ատրպէյճանական զինուած ուժերու կողմէ գերեվարուած են ընթացիկ, շարունակուող զինուած հակամարտութեան պայմաններուն մէջ, հետեւաբար՝ անոնք բոլորն ալ կարգավիճակով գերիներ են, պէտք է անյապաղ ազատ արձակուին եւ վերադարձուին հայրենիք՝ առանց որեւէ քաղաքական կամ այլ նախապայմանի:
Ատրպէյճանական իշխանութիւններն արհեստական կը ձգձգեն, կը քաղաքականացնեն գործընթացը՝ կոպտօրէն ոտնահարելով գերիներու եւ անոնց ընտանիքներու իրաւունքները, անոնց պատճառելով տառապանքներ եւ առաջացնելով լարուածութիւն հասարակութեան մէջ:
Արման Թաթոյեանը դատապարտելի կը համարէ Պաքուի մէջ 2020 թուականի սեպտեմբեր-նոյեմբեր ամիսներու պատերազմին վերաբերող այսպէս կոչուած «ցուցահանդէս-պուրակ»ի բացումը՝ այն համարելով պետական աջակցութեամբ հայատեացութեան ու ատրպէյճանական ցեղասպան քաղաքականութեան ապացոյց:
Պաշտպանը ուշադրութիւն հրաւիրած է այն հանգամանքին վրայ, որ այդ վայրին մէջ հայ զինուորներու կերպարները (մանեքաններ) նուաստացած վիճակի մէջ են, իսկ պուրակը բաց է նաեւ երեխաներու համար:
Ան ներկայացուցած է նաեւ ապացոյցներ, թէ ինչպէս հայատեացութիւնն ու հայասպանութիւնը կը խրախուսուի Ատրպէյճանի բարձրագոյն իշխանութիւններու կողմէ:
Պատուիրակութեան անդամները բարձր գնահատած են Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատանքը՝ շեշտելով, որ Եգիպտոսի մէջ Հայ Դատի յանձնախումբի ղեկավարի կողմէ պարբերաբար կը ստանան Հայաստանին վերաբերող հաւաստի տեղեկատուութիւն, այդ շարքին՝ Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գործունէութեան վերաբերեալ:
Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը բարձր գնահատած է Եգիպտոսի մէջ Հայ դատի յանձնախումբի աշխատանքը, յատկապէս՝ Արցախը քաղաքակիրթ աշխարհի մաս դարձնելուն ուղղուած հետեւողական աշխատանքը եւ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է պատուիրակութեան անդամներուն հետ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեանն ուղղուած համատեղ աշխատանքներ իրականացնելու ուղղութեամբ:
Հանդիպման աւարտին Պաշտպանը պատասխանած է լրագրողներու հարցերուն: