Մարոքցի աստղագուշակ Ալի Ապտ Ալ Ռահման 2017 թուականի վերջին եւ 2018 թուականի սկիզբին համար խումբ մը քաղաքական գուշակութիւններով հանդէս եկած է: Անոնցմէ մաս մը կը ներկայացնենք ստորեւ.
- Հարիրի պիտի ընդդիմանայ Սէուտական քաղաքականութեան դէմ, եւ Լիբանանի մէջ տխուր իրավիճակ պիտի տիրէ: Հանրայայտ անձնաւորութեան մահը պիտի գուժուի:
- Իրաքի մէջ ահաբեկչական գործողութիւններ պիտի իրականացուին «Տահէշ»ի մնացորդներու կողմէ, սակայն Իրաք ուժեղ ու կայուն պիտի մնայ:
- Յորդանանի մէջ «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման նմանութեամբ ահաբեկչական խմբաւորում մը պիտի առաջանայ, որ ի շահ սիոնիստներու պիտի գործէ:
- Սէուտական Արաբիոյ թագաւորական ընտանիքի անդամներուն միջեւ բախումներու հետեւանքով ներքին մասնատուածութիւն պիտի առաջանան:
- Լիբանանի իրավիճակը կայուն է, եւ ոչ ոք պիտի համարձակի «Հըզպալլա»ի հետ հակամարտութեան դուրս գալու:
- Սուրիա արագ քայլերով պիտի վերացնէ ահաբեկչական խմբաւորումները, իսկ պատերազմն անակնկալ կերպով պիտի աւարտի՝ հաշտութիւններու կնքմամբ:
- Սուրիացի հանրածանօթ անձնաւորութիւններ մեծ ներդրում պիտի ունենան Սուրիոյ պատմութեան մէջ, եւ երկրի փողոցներն անոնց նկարներով պիտի ողողուին:
- Ասատ կրկին անգամ յաղթանակած դուրս պիտի գայ նախագահական ընտրութիւններէն եւ վերընտրուի Սուրիոյ նախագահական աթոռին:
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսուիլ