image

Ցնցող կանխագուշակումներ. Հարիրի կը փորձէ յեղաշրջում կատարել

Ցնցող կանխագուշակումներ. Հարիրի կը փորձէ յեղաշրջում կատարել

Մարոքցի աստղագուշակ Ալի Ապտ Ալ Ռահման 2017 թուականի վերջին եւ 2018 թուականի սկիզբին համար խումբ մը քաղաքական գուշակութիւններով հանդէս եկած է: Անոնցմէ մաս մը կը ներկայացնենք ստորեւ.

  1. Հարիրի պիտի  ընդդիմանայ  Սէուտական քաղաքականութեան դէմ, եւ Լիբանանի մէջ տխուր իրավիճակ պիտի տիրէ: Հանրայայտ անձնաւորութեան մահը պիտի գուժուի:
  2. Իրաքի մէջ ահաբեկչական գործողութիւններ պիտի իրականացուին «Տահէշ»ի մնացորդներու կողմէ, սակայն Իրաք ուժեղ ու կայուն պիտի մնայ:
  3. Յորդանանի մէջ «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման նմանութեամբ ահաբեկչական խմբաւորում մը պիտի առաջանայ, որ ի շահ սիոնիստներու պիտի գործէ:
  4. Սէուտական Արաբիոյ թագաւորական ընտանիքի անդամներուն միջեւ բախումներու հետեւանքով ներքին մասնատուածութիւն պիտի առաջանան:
  5. Լիբանանի իրավիճակը կայուն է, եւ ոչ ոք պիտի համարձակի «Հըզպալլա»ի հետ հակամարտութեան դուրս գալու:
  6. Սուրիա արագ քայլերով պիտի վերացնէ ահաբեկչական խմբաւորումները, իսկ պատերազմն անակնկալ կերպով պիտի աւարտի՝ հաշտութիւններու կնքմամբ:
  7. Սուրիացի հանրածանօթ անձնաւորութիւններ մեծ ներդրում պիտի ունենան Սուրիոյ պատմութեան մէջ, եւ երկրի փողոցներն անոնց նկարներով պիտի ողողուին:
  8. Ասատ կրկին անգամ յաղթանակած դուրս պիտի գայ նախագահական ընտրութիւններէն եւ վերընտրուի Սուրիոյ նախագահական աթոռին: