Միացեալ Նահագներու Գալիֆորնիա նահանգին մէջ գործող ՀԲԸՄ «Թամար եւ Վաչէ Մանուկեան վարժարան»ը այս տարեվերջին պիտի փակէ իր դռները։
Այս մասին լուրը տուած է «Ասպարէզ» պարբերականը՝ յղում կատարելով Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը։
Նշեալ հաղորդագրութեան մէջ Բարեգործականը յայտնելով վարժարանին փակման մասին որոշումը, նաեւ նկատել կու տար, որ դպրոցը պիտի միացուի Լոս Անճելոսի մէջ գործող «Մանուկեան- Տէմիրճեան» վարժարանին։
Կը նշուի նաեւ, որ վարժարանը պիտի փակուի նիւթական անբաւարար վիճակի պատճառով։
Վարժարանի փակման լուրը արագօրէն տարածուած է համայնքէն ներս՝ բողոքի ալիք ստեղծելով, ոչ միայն ՀԲԸՄ-ի , այլ նաեւ համայնքի ամենատարբեր շրջանակներուն մօտ։