image

«Այն զգացումը ունիմ, որ Հալէպի մէջ կարծես բոլորս ալ պիտի վարակուինք եւ յաղթահարենք այս վարակը». Հալէպահայ բժիշկ

«Այն զգացումը ունիմ, որ Հալէպի մէջ կարծես բոլորս ալ պիտի վարակուինք եւ յաղթահարենք այս վարակը». Հալէպահայ բժիշկ

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ հալէպահայ (ատամնաբոյժ-վիրաբոյժ)  բժիշկ Ռաֆֆի Զէյթճեան:


-Ինչպիսի՞ն է իրավիճակը ներկայիս Հալէպի գաղութէն ներս՝ կապուած «Քորոնա» վարակի տարածման հետ:

Հալէպի մէջ «Քորոնա» ժահրի տարածումը վերջին երկու երեք շաբաթներուն շատ սուր իրավիճակ ստացած է եւ մեզի համար զարմանալի էր այսպէս մէկ անգամէն մեծ թիւով վարակակիրներու ի յայտ գալը: Իրավիճակը ծանր է, ամէն օր կը լսենք մահացողներու եւ վարակուողներու մասին: Ես կը կարծեմ, որ վիճակը ժողովուրդին կողմէն այս հարցին՝ «Քորոնա»ին հարեւանցի վերաբերելու պատճառով ստեղծուեցաւ, մինչեւ այսօր ալ մարդիկ կան որ դեռ անտարբերութեամբ կը վերաբերին այս վարակին, անշուշտ ասի տարածման պատճառներէն մէկն է: Մեր հայաշատ շրջաններուն մէջ ալ կան բաւականին վարակուողներ եւ մահացողներ, դժբախտաբար:

 

-Ի՞նչ տուեալներ ունիք, ինչքա՞ն է Հալէպի մէջ վարակուածներու ընդհանուր թիւը եւ ինչքա՞ն է կորուստներուն թիւը:

Վարակուողներու թիւի պարագային, ինչքան կը լսենք, թիւերը շատ են, պաշտօնական ստոյգ թիւեր չկան: Անշուշտ մեր հայերուն մէջ ալ վարակակիրներու մեծ թիւ կայ, մահացողներ ալ կան, ասկէ 3-4 օր առաջ թիւը ստոյգ մօտ 10-12 հոգի էր, հիմա կը կարծեմ, որ այս 4 օրուան մէջ ալ 5-6 հոգի եղաւ, ընդհանուր թիւը այս է, եւ կան անշուշտ հիւանդներ, որ հիւանդանոցային խնամքի տակ են, Աստուած օգնական ըլլայ բոլորին:

 

-Վերջին օրերուն նաեւ իմացանք, որ մեծ է թիւը այն վարակակիրներուն, որոնք առողջապահական համակարգին մէջ կը գործեն՝ ըլլան բժիշկներ, թէ հիւանդապահներ, ի՞նչ է պատճառը, ինչի՞ն կը վերագրէք այս մէկը:

Բժիշկներու եւ հիւանդապահներու վարակման վերաբերեալ, ճիշդն ըսած, ես ալ կը դժուարանամ ըսելու ինչ է պատճառը, որ այսքան մեծ թիւով վարակուածներ կան, բայց, ինչ որ գիտեմ, հականեխման դեղերը այստեղ շատ սուղ են, հաւանաբար անոնք իրենց  բժշկական կեդրոններուն մէջ չեն կրնար հականեխումը ամբողջական ձեւով կատարել եւ կը վարակուին:

 

-Գիտենք որ Սուրիան 9 տարուան պատերազմէն ետք յայտնուած է բաւական բարդ դրութեան մը առջեւ, արդեօք ի՞նչ են պէտքերը Սուրիոյ առողջապահական համակարգին, ի՞նչ կարեւոր դեղորայք, սարքեր կը պակսին, ի՞նչ է ամենակարեւոր կարիքը այսօր՝ Սուրիոյ, եւ յատկապէս Հալէպի մէջ:

Դեղորայքի պակաս շատ կայ, իսկ եղած դեղերուն գիներն ալ, եթէ նոյնիսկ գտնուին, շատ սուղ են, տնտեսական ծանր վիճակի մէջ եղող մարդիկ չեն կրնար գնել, բացի այդ, հիւանդանոցներուն մէջ արհեստական շնչառութեան սարքերու պակաս կայ։ Պատկերացուցէք, որ շատ մը հիւանդներ ծանր վիճակի մէջ կ'երթան հիւանդանոց եւ հոն չեն կրնար ընդունիլ իրենց, ազատ տեղեր չըլլալու պատճառով: Մարդիկ խուճապի մէջ են, որովհետեւ դեղի շատ մեծ պակաս կայ, «Քորոնա»ի վերաբերեալ դեղերը չեն գտնուիր:

Անշուշտ դեղերու այս պակասն ալ, Սուրիոյ վրայ եղած շրջափակման պատճառով է, մինչեւ այսօր տակաւին նոյնիսկ այդ դեղերու հումքը երկիր մտցնելու արգելքը կայ, այդ է պատճառը, որ շատ նեղ դրութեան մէջ յայտնուած է ժողովուրդը:

 

-Համայնքը ի՞նչ միջոցներով որոշած է պայքարիլ այս վարակին դէմ, արդեօ՞ք յատուկ մարմին մը ստեղծուեցաւ: Գիտենք որ պատերազմի թէժ օրերուն ստեղծուած էր Հալէպի վերականգնումի շտապ մարմինը, ներկայիս կայ նման մարմին մը:

Այս հարցի՝ «Քորոնա» ժահրի յաղթահարման կամ անոր դէմ պայքարի մասնաւոր մարմին մը չէ ստեղծուած, բայց համայնքի ղեկավար մարմիններ անշուշտ միշտ կը զգուշացնեն, օրինակ եկեղեցիները, դպրոցները, ուր որ հաւաքոյթներ կ'ըլլայ լրիւ արգիլուած են, Առաջնորդարանն ալ զգուշացուցած է որեւէ մէկ հաւաք չկազմակերպել, միշտ կ'ըսուի, որ մարդիկ զգուշ ըլլան, իրար չվարակեն եւայլն:

Իսկ ձեր նշած «Շտապ մարմին»ը դեռ կայ, տնտեսական եւ նիւթական օժանդակութիւններ կը տրամադրէ կարիքաւորներուն, բայց այս հարցի շուրջ յատուկ օգնութիւն մը չեմ լսած որ կ'ընեն:

 

-Իբրեւ բժիշկ ի՞նչ նախադրեալներ ունիք «Քորոնա» վարակի վերաբերեալ, այսինքն յատկապէս Հալէպի մէջ ե՞րբ կրնայ այս վարակը նահանջ ապրիլ:

Ես կը կարծեմ, որ այս «Քորոնա» ժահրը այսպէս քիչ մը երկար պիտի շարունակուի, եւ կը կարծեմ, որ մենք բոլորս ալ պիտի վարակուինք, որովհետեւ ամէն վայրկեան ենթակայ ենք վարակուելու, եւ մարդկանց դիմադրողականութիւնն է, որ պիտի յաղթահարէ ժահրը. դեղերը, այո՛, կ'օգնեն  ինչ որ չափով, բայց կը մնայ որ  անհատի   դիմադրողականութիւնը լաւ ըլլայ: Այս հիւանդութեան պարագային, ինչպէս կը տեսնենք, ընդհանրապէս առողջական այլ հարցեր ունեցող մարդիկ են, որ շատ աւելի ծանր կը տանին եւ մահացու դէպքեր կ'ըլլան:

Հիմա կը լսենք արդէն նոր պատուաստ մը յայտնուած ըլլալու մասին, Աստուած տայ, որ այդ պատուաստը  պէտք եղած արդիւնքը տայ եւ այս հարցին վերջնական լուծում տրուի, որովհետեւ մինչեւ այդ պիտանի  պատուաստին չյայտնուիլը մարդիկ հոգեպէս ալ պիտի չհանգստանան։