Աւելի վաղ սուրիական իշխանամէտ al-Watan թերթը հաղորդած էր, որ նահանգի այս հատուածին մէջ քարիւղատար մեքենաները երկուշաբթի գիշեր հրթիռային հարուածներու ենթարկուած են:
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան տուեալներով՝ արկերը արձակուած են Քուէյրեսի օդակայանէն: Սուրիացիները, ենթադրաբար, հարուածներ հասցուցած են Ճարապլուս եւ Ալ-Պապ քաղաքներուն: Anadolu-ի տուեալներով՝ թրքական կողմը Ռուսաստանին տեղեկացուցած է Սուրիայէն նման յարձակումները կանխելու անհրաժեշտութեան մասին:
Յիշեցնենք՝ 2016-ի օգոստոսին թրքական բանակը սկսած է «Եփրատի վահան» գործողութիւնը, որու ընթացքին Սուրիական ընդդիմութեան մասնակցութեամբ թրքական կողմը գրաւած է երկրի հիւսիսը գտնուող սահմանամերձ Ճարապլուս քաղաքը, ինչպէս նաեւ Ազազ եւ Ալ Պապ քաղաքները: