image

Արդեօք Էրտողան պատրաստ է հեռանա՞լ Արեւմուտքէն. Նշմար

Արդեօք Էրտողան պատրաստ է հեռանա՞լ Արեւմուտքէն.  Նշմար

Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի վերջին տարուան առճակատման գործողութիւնները ստիպած են Պրիւքսէլի եւ Ուաշինկթընի պաշտօնեաներուն մտածել, թէ որքանո՞վ հեռու կրնայ երթալ Թուրքիոյ նախագահը՝ Արեւմուտքէն ռազմավարական առումով օտարուելու եւ Ռուսաստանի հետ մտերմանալու ճանապարհին, կը գրէ Politico-ն:

Վերջին տարուան ընթացքին Էրտողանը սկսած է յարձակիլ Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքին մէջ քրտական ուժերուն դէմ, որոնք կապուած են Արեւմուտքի հետ՝ սպառնալով միլիոնաւոր սուրիացի փախստականները ուղարկել Եւրոպա, եթէ ԵՄ-ը խոչընդոտէ Սուրիոյ մէջ անոնց անվտանգութեան գօտի տեղափոխելու Անգարայի ծրագիրը, սկսած է ռուսական Ս-400-ի տեղադրումը, որ կը խոչընդոտէ ՆԱԹՕ-ի մէջ դաշնակիցներու պահանջներուն եւ Լիպիոյ մէջ զէնքի մատակարարումը՝ խախտելով ՄԱԿ-ի էմպարկոն:

«Քրեմլը բացայայտ կերպով կ'օգտագործէ Թուրքիան՝ որպէս ՆԱԹՕ-ն ներքուստ պառակտելու գործիք»,-կը նկատէ Թուրքիոյ ԵՄ նախկին դեսպան Մարք Փիերինին:

Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութեան մէջ նախկին դաշնակիցներու հեռանալը վերջին տարուան ընթացքին թուլացուցած է էրտողանի դիրքերը երկրին մէջ, որ հրահրած է Թուրքիոյ նախագահին աւելի շատ դիմել ուժային որոշումներու:

Յօդուածին մէջ նշուած է, որ դեկտեմբերին կայացած ՆԱԹՕ-ի գագաթնաժողովէն ետք, Էրտողանը վերադարձած է դատարկաձեռն եւ առաջարկած զօրքեր ուղարկել Լիպիա եւ տեղակայել անօդաչու թռչող սարքեր հիւսիսային Կիպրոսի մէջ հորատման աշխատանքներուն սատարելու համար, որոնք ԵՄ-ը յայտարարած էր որպէս ապօրինի:

Արեւմտեան բարձրաստիճան պաշտօնեաները յոյս ունին, որ Թուրքիոյ նախագահը զերծ կը մնայ իր ծայրայեղ մօտեցումներէն: