Այսօր Արցախի ազգային ժողովի յատուկ նիստի ժամանակ, Բակօ Սահակեանին վերստին տրուեցաւ Արցախի հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը:
Ազգային ժողովին մասնակցեցան 32 պատգամաւոր, որոնցմէ 28 ձայն քուէարկեցին Բակօ Սահակեանի օգտին: Միւս թեկնածուն՝ Ստեփանակերտի նախկին քաղաքապետ Էտուարտ Աղաբեկեանը ստացաւ մնացած 4 պատգամաւորներուն ձայները: