image

Արցախի նախագահ վերընտրուեցաւ՝ Բակօ Սահակեանը

Արցախի  նախագահ վերընտրուեցաւ՝ Բակօ Սահակեանը

Այսօր Արցախի ազգային ժողովի յատուկ նիստի ժամանակ, Բակօ Սահակեանին  վերստին տրուեցաւ Արցախի հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը:

Ազգային ժողովին մասնակցեցան 32 պատգամաւոր, որոնցմէ 28 ձայն քուէարկեցին Բակօ Սահակեանի օգտին: Միւս թեկնածուն՝ Ստեփանակերտի նախկին քաղաքապետ Էտուարտ Աղաբեկեանը ստացաւ  մնացած 4 պատգամաւորներուն ձայները: