Մարտական դիրքերուն ծանօթացանք ճարտարապետական եւ ամրաշինական ենթակառուցուածքներու զարգացման, անձնակազմի անվտանգութեան բարձրացմանն ուղղուած աշխատանքներուն, յուսալի պաշտպանութիւն իրականացնելու նոր արհեստագիտութիւններուն, զինծառայողներու ընկերա-կենցաղային պայմաններուն։ Այս մասին գրառում կատարած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։
Ան նշած է, որ բանակը եղած է եւ կը շարունակէ մնալ մեր առաջնահերթութիւններու առաջնահերթութիւնը։