image

Պոլսոյ Հայկական գերեզմանատունը պղծած անձը ընդունեց մեղքը

 Պոլսոյ  Հայկական գերեզմանատունը պղծած անձը ընդունեց մեղքը

 Պոլսոյ  Հայկական գերեզմանատունը պղծած անձը ընդունած է  մեղքը

 Պոլսոյ  հայկական Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ գերեզմանատան դէմ կատարուած պղծարարքի գործով առաջին դատական նիստը նշանակուած է 20 Օգոստոսը։

Ինչպէս կը հաղորդէ  «Ակօս»-ը, այդ գործով միակ ամբաստանեալը՝ 55-ամեայ Մուհարեմ Քիւնը, ընդունած է իր մեղքը եւ յայտնած, որ կը զղջայ կատարած արարքին համար։ Ան պնդած է, թէ գործած է առանձինն  եւ որեւէ մէկու մը  կողմէ չէ ուղղորդուած։

Յիշեցնենք, որ այս տարուան 7 Յուլիսի գիշերը անհատ մը (կամ անհատներ) մուտք գործած էր  Պոլսոյ  Սուրբ Կարապետ հայկական եկեղեցւոյ գերեզմանատուն եւ վնասած՝ վեց գերեզմանաքարեր ու մէկ յուշաղբիւր։

Հայ համայնքի բողոքէն ետք դէպքին առնչութեամբ քրէական գործ բացուած էր։

Դատական գործընթացը կը շարունակուի՝ պարզելու համար յարձակումին բոլոր հանգամանքները եւ պատասխանատուութեան չափը։