Հայկական ուժերը ատրպէյճանեան դիրքերու ուղղութեամբ կրակ չեն բացած։
Այս մասին հերքումը տուած է ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը։
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ աւելի վաղ Ատրպէյճան ապատեղեկատւութիւն տարածած է, նշելով որ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանային հատուածին ուղղութեամբ (Գեղարքունիքի մարզ) հայկական ուժերը կրակ բացած են իրենց դիրքերուն ուղղութեամբ։ Հայկական կողմի հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի նաեւ, որ եղածը ճիշդ հակառակն է եւ կրակ բացող կողմը Ատրպէյճանեան կողմն է, որ մի քանի ժամ կրակի տակ պահած են հայկական բանակի դիրքերը։