Դամասկոս զգալի շահեր ունի Մոսկուայի հետ եւ 2024 թուականի Դեկտեմբերին տեղի ունեցած իշխանափոխութենէն ետք արագ քայլեր ձեռնարկած է անոր հետ նոր էջ բանալու համար։ Այս մասին Al Jazeera-ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարըհ։
Նախագահը նշած է, որ Սուրիոյ մէջ գտնուող ռուսական ռազմակայաններու ապագային վերաբերեալ Մոսկուայի հետ քննարկումները տակաւին չեն աւարտած։
Ան պարզաբանած է, որ երկու կողմերը համաձայնած են հեռացնել ռուսական ռազմակայաններու մեծ մասը եւ պահպանել սահմանափակ ներկայութիւն «Հմէյմիմ» օդուժի ռազմակայանին մէջ եւ Թարթուսի ռազմածովային ռազմակայանի մէկ մասին մէջ։
Շարըհ մատնանշած է խորհրդային ժամանակաշրջանէն ի վեր գոյութիւն ունեցող պատմական յարաբերութիւնները՝ ընդգծելով, որ Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները հիմնուած են ուժանիւթի, սննունդի եւ զէնքի ոլորտներու մէջ ռազմավարական շահերու վրայ։
Ան աւելցուցած է, որ Սուրիան կը ձգտի պահպանել այն, ինչ կը ծառայէ իր ազգային շահերուն, եւ կարգաւորել յարաբերութիւնները՝ փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած նոր հիմքերով։
«Հմէյմիմ» օդուժի ռազմակայանը կը գտնուի Միջերկրական ծովու Ճապլէ քաղաքին մօտ։ Ռազմակայանը հիմնուած է նախկին քաղաքացիական օդակայանին տեղը։ Հոն ռուսական օդուժի խումբի տեղակայման մասին Ռուսիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ համաձայնագիրը ստորագրուած է Դամասկոսի մէջ 2015 թուականի Օգոստոսին։
Թարթուսի ռազմածովային ռազմակայանը Ռուսիոյ միակ ռազմակայանն է Միջերկրական ծովուն վրայ։ 1971 թուականին հոն հիմնուած է Խորհրդային Միութեան նաւատորմի թիկունքային ապահովման ռազմակայանը, որ պահպանուած է նաեւ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք։ Ան օգտագործուած է Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ ռազմական գործողութիւններու ընթացքին՝ ռուսական զօրախումբին աջակցելու նպատակով։
2017 թուականին Մոսկուա եւ Դամասկոս համաձայնութեան եկած են ռուսական զօրքերը այս կառոյցներուն մէջ տեղակայելու 49 տարի ժամկէտով՝ մինչեւ 2066 թուական։