image

Քաղաքական տարաձայնութիւնները պէտք է վերածուին աւելի լաւ որոշումներու. ՀՀ նախագահի ելոյթը՝ նորընտիր խորհրդարանի առաջին նիստին

Քաղաքական տարաձայնութիւնները պէտք է վերածուին աւելի լաւ որոշումներու. ՀՀ նախագահի ելոյթը՝ նորընտիր խորհրդարանի առաջին նիստին

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը շնորհաւորած է Ազգային ժողովի իններորդ գումարման առաջին նստաշրջանի մեկնարկի կապակցութեամբ՝ ընդգծելով, որ խորհրդարանի աշխատանքի արդիւնքները պէտք է գնահատուին ոչ միայն ընդունուած օրէնքներու քանակով, այլեւ ատոնց որակով, հանրային ազդեցութեամբ եւ պետութեան երկարաժամկէտ զարգացման նպաստելով։

9-րդ գումարման Ազգային ժողովի առաջին նիստին ունեցած ելոյթին այս մասին ըսած է ՀՀ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը։

«Այսօր իր աշխատանքն է սկսում Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդի ազատ կամարտայայտութեամբ ձեւաւորուած նոր Ազգային ժողովը։ Սա մեր պետական կեանքի հերթական կարեւոր հանգրուանն է, որը վերահաստատում է ժողովրդավարութեան հիմնարար սկզբունքը. իշխանութիւնը բխում է ժողովրդից եւ իրականացւում է նրա կողմից ընտրուած ներկայացուցիչների միջոցով»,- նշած է ՀՀ նախագահը։

Ան շնորհակալութիւն յայտնած է ութերորդ գումարման Ազգային ժողովի պատգամաւորներուն՝ կատարած աշխատանքի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնսդրութեան զարգացման գործին մէջ ունեցած ներդրման համար։

«Առանձնայատուկ շնորհակալութիւն եմ յայտնում Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներին։ Նրանց ակտիւ մասնակցութիւնն ընտրութիւններին եւ ազատ կամարտայայտութիւնը ոչ միայն ժողովրդավարական գործընթացի կարեւոր բաղադրիչ են, այլեւ մեր պետականութեան կենսունակութեան, հանրային պատասխանատւութեան եւ քաղաքացիական հասունութեան լաւագոյն վկայութիւնը»,- նշած է նախագահը։

Ան շնորհաւորած է խորհրդարանական մեծամասնութիւն ձեւաւորած քաղաքական ուժը՝ քաղաքացիներու վստահութեան քուէն ստանալու կապակցութեամբ, ինչպէս նաեւ՝ Ազգային ժողով անցած միւս քաղաքական ուժերը։

Նախագահի խօսքով՝ իւրաքանչիւր գումարման Ազգային ժողով կը ձեւաւորէ ոչ միայն տուեալ ժամանակաշրջանի քաղաքական օրակարգը, այլեւ պետութեան հաստատութենական զարգացման մշակոյթը։

«Այս խորհրդարանի գործունէութեան արդիւնքները չափուելու են ոչ միայն ընդունուած օրէնքների քանակով, այլ դրանց որակով, հանրային ազդեցութեամբ եւ պետութեան երկարաժամկէտ զարգացմանը բերած նպաստով։ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներն այս դահլիճից ակնկալում են հասուն քաղաքականութիւն, պատասխանատու օրէնսդրութիւն եւ այնպիսի բանավէճ, որի առանցքում կը լինի ոչ թէ քաղաքական հակադրութիւնը, այլ պետական մտածողութիւնը»,-ըսած է ան։

Հանրապետութեան նախագահն ընդգծած է, որ Ազգային ժողովը երկրի բարձրագոյն ներկայացուցչական եւ օրէնսդիր մարմինն է, ինչպէս նաեւ պետութեան գլխաւոր քաղաքական ամպիոնը։

«Այստեղ գաղափարների մրցակցութիւնը պէտք է վերածուի պետական լուծումների, քաղաքական տարաձայնութիւնները՝ աւելի լաւ որոշումների, իսկ հանրային վստահութիւնը՝ արդար եւ կենսունակ օրէնքների։

Ժողովրդավարութեան ուժը պայմանաւորուած չէ կարծիքների միասնութեամբ։ Այն կայանում է տարբեր կարծիքների խաղաղ, արժանապատիւ եւ պատասխանատու համակեցութեան մէջ՝ յանուն մէկ նպատակի՝ Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացման եւ հանրային բարօրութեան»,- ընդգծած է նախագահը։

Անոր խօսքով՝ խորհրդարանական բանավէճը ժողովրդավարութեան անբաժանելի մասն է, սակայն ատոր արժէքը կ՚որոշուի ոչ թէ հնչող խօսքերու սրութեամբ, այլ այն գաղափարներով, որոնք կը ծառայեն հանրային բարիքին։

«Քաղաքական մրցակցութիւնն ինքնանպատակ չէ։ Այն արժէքաւոր է այնքանով, որքանով նպաստում է աւելի արդիւնաւէտ կառավարմանը, աւելի արդար օրէնսդրութեանը եւ ամուր պետութեանը»,- նշած է ան։

Հանրապետութեան նախագահն ընդգծած է, որ Սահմանադրութիւնը պատգամաւորը օժտած է ամբողջ ժողովուրդը ներկայացնելու բարձր առաքելութեամբ։

«Այդ առաքելութիւնը ենթադրում է որոշումներ կայացնել ոչ թէ պահի քաղաքական նպատակայարմարութեամբ, այլ խղճի, մասնագիտական համոզմունքի եւ պատասխանատւութեան թելադրանքով։

Դա պահանջում է նաեւ համարձակութիւն՝ ընդունելու այնպիսի որոշումներ, որոնք միտուած են հանրային բարիքին, պետութեան երկարաժամկէտ շահին եւ ապագայ սերունդների բարեկեցութեանը»,-ըսած է ան։

Նախագահի խօսքով՝ հանրութիւնը կ՚ակնկալէ, որ Ազգային ժողովը ըլլայ այն վայրը, ուր տարբեր քաղաքական հայեացքները ոչ թէ կը խորացնեն բաժանարար գիծերը, այլեւ կը մրցին պետութեան համար առաւել օգտակար լուծումներ առաջարկելու հարցով։

«Մեզ անհրաժեշտ է քաղաքական մշակոյթ, որտեղ անհամաձայնութիւնը չի վերածւում անհանդուրժողականութեան, իսկ սկզբունքայնութիւնը երբեք չի բացառում փոխադարձ յարգանքը»,- ընդգծած է ՀՀ նախագահը։

Անդրադառնալով խորհրդարանական մեծամասնութեան եւ ընդդիմութեան դերերուն՝ ան նշած է, որ մեծամասնութեան ուժը կը չափուի ոչ միայն լիազօրութիւններով, այլեւ պատասխանատւութեան խորութեամբ։

«Ժողովրդավարական խորհրդարանում առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի ընդդիմութեան դերը։ Արդիւնաւէտ ընդդիմութիւնը պետական կառավարման անհրաժեշտ բաղադրիչ է։ Նրա վերահսկողական գործառոյթը, սկզբունքային եւ մասնագիտական քննադատութիւնը, այլընտրանքային առաջարկներն ու նախաձեռնութիւնները նպաստում են կառավարման որակի բարձրացմանը, բացթողումներին ժամանակին արձագանգելուն եւ պետական քաղաքականութիւնների շարունակական կատարելագործմանը։

Ի վերջոյ, առողջ ժողովրդավարութեան մէջ իշխանութիւնն ու ընդդիմութիւնը տարբեր ճանապարհներով ծառայում են նոյն նպատակին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջընթացին»,-ըսած է նախագահը։

Ան ընդգծած է, որ խորհրդարանին մէջ տարաձայնութիւնները բնական եւ երբեմն անխուսափելի են, սակայն ատոնք արժէք ունին միայն այն պարագային, երբ կը ծառայեն աւելի լաւ որոշումներու կայացման, աւելի արդար օրէնքներու ընդունման եւ պետութեան զարգացման։

«Մեր երկրի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները պահանջում են պետական շահի բարձր գիտակցում,

հեռատեսութիւն եւ համագործակցելու կարողութիւն»,- նշած է ան։

Եզրափակելով ելոյթը՝ ՀՀ  նախագահը մաղթած է, որ իններորդ գումարման Ազգային ժողովը յիշուի որպէս խորհրդարան, ուր քաղաքական մրցակցութիւնը չի գերազանցեր պետական պատասխանատւութիւնը։

«Թող իններորդ գումարման Ազգային ժողովը յիշուի որպէս խորհրդարան, որտեղ քաղաքական մրցակցութիւնը երբեք չի գերազանցել պետական պատասխանատւութեանը, որտեղ գաղափարական տարբերութիւնները չեն խոչընդոտել համապետական նշանակութեան հարցերում համախմբմանը, եւ իւրաքանչիւր որոշման հիմքում եղել է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ նրա քաղաքացիների շահը։

Մաղթում եմ ձեզ իմաստուն, արդիւնաւէտ եւ պատասխանատու աշխատանք՝ ի բարօրութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան եւ մեր ժողովրդի»,- եզրափակած է նախագահը։