Ռուսաստանի տնտեսական զարգացման նախարար Մաքսիմ Ռեշետնիկով յայտարարած է, թէ Հայաստանի կողմէ իրականացուող մատակարարումներու փոխարինումը Ռուսաստանի համար լուրջ դժուարութիւններ պիտի չստեղծէ։ Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «ТАСС» գործակալութիւնը։
Ռեշետնիկով նշած է, որ եթէ հարցը դիտարկուի ԵԱՏՄ երկիրներու շուկաներուն վրայ ունեցած տնտեսական ազդեցութեան տեսանկիւնէն, ապա հայկական մատակարարումներուն դերը էական չէ։
«Ռուսաստանի՝ աշխարհի հետ ընդհանուր ապրանքաշրջանառութեան մէջ Հայաստանի բաժինը չի գերազանցեր 0,9 տոկոսը։ ԵԱՏՄ միւս երկիրներու պարագային այդ ցուցանիշը նոյնիսկ աւելի ցած է՝ Պելառուսիոյ համար՝ 0,3 տոկոս, Ղազախստանի՝ 0,05 տոկոս, իսկ Ղրղզստանի՝ 0,02 տոկոս», ըսած է նախարարը։
Ան ընդգծած է, որ Ռուսաստանի համար հայկական ապրանքներու փոխարինումը դժուարութիւն պիտի չառաջացնէ։
Ռեշետնիկով այս մեկնաբանութիւնը կատարած է՝ արձագանգելով Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի այն յայտարարութեան, թէ Հայաստանը կը փնտռէ Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւններուն այլընտրանքներ՝ ոչ միայն տնտեսական, այլեւ քաղաքական ոլորտներուն մէջ։