image
Հրատապ լուրեր:

«Սփիւռքահայուն պարտքը՝ ո՛չ միայն քննադատել, այլեւ հայրենիքի յաջողութիւններով ուրախանան է».Վարդան Գազանճեան

«Սփիւռքահայուն պարտքը՝ ո՛չ միայն քննադատել, այլեւ հայրենիքի յաջողութիւններով ուրախանան է».Վարդան Գազանճեան

Զրոյցը՝ «Արեւելք»ի

ԱՄՆ-ի մէջ բնակող մեր հայրենակիցներէն՝ Վարդան Գազանճեան, որ օրերս կարճատեւ այցելութիւն մը տուած է Հայաստան, իր տպաւորութիւններն ու մտահոգութիւնները կիսած է «Արեւելք»-ի հետ։ 

Այցելութիւնը, որ համընկած էր Հայաստանի ներքաղաքական ուշագրաւ զարգացումներու շրջանին, առիթ դարձած էր ոչ միայն հայրենիքի հետ վերամիաւորուելու, այլեւ երկրի հասարակական, տնտեսական եւ քաղաքական մթնոլորտը մօտէն դիտարկելու։

Երգիչը նախ արձանագրած է, որ այս անգամ Երեւանը, յատկապէս մայրաքաղաքի կեդրոնը, իրեն ներկայացած է զգալիօրէն աւելի աշխուժ ու կենսունակ։ Ան նշած է, որ անցեալ տարուան համեմատ քաղաքի առօրեան աւելի շարժուն էր, իսկ օտար զբօսաշրջիկներու ներկայութիւնը՝ ակնառու։ Միեւնոյն ժամանակ նկատած է, որ սփիւռքահայ այցելուներու թիւը, իր տպաւորութեամբ, նուազած է՝ հակառակ այն իրողութեան, որ տարիներ առաջ անոնք շատ աւելի տեսանելի էին Հայաստանի մէջ։

Անդրադառնալով տնտեսական կեանքին՝ ան հայրենիքի համար ուրախալի եւ հպարտանալու արժանի երեւոյթ համարած է գործարար աշխուժութեան աճը։ Ըստ իրեն՝ առեւտրական ոլորտին մէջ զգալի շարժ կայ, իսկ սեփական գործ ունեցողներու գործունէութիւնը կը վկայէ, որ տնտեսական միջավայրը որոշ չափով աւելի նպաստաւոր դարձած է։ 

Քաղաքէն դուրս կատարած այցելութիւնները անոր վրայ նոյնպէս դրական տպաւորութիւն ձգած են։ Սեւանի, Մուղնիի, Աւանի, Աշտարակի եւ այլ ուղղութիւններով շրջագայելու ընթացքին ան նկատած է շինարարական մեծածաւալ աշխատանքներ, նոր բնակելի համալիրներ եւ զարգացող ենթակառուցուածքներ։ Արմատներով Լիբանանէն եւ երկար տարիներէ  ի վեր Միացեալ Նահանգներ հաստատուած՝ Գազանճեան յոյս յայտնած է, որ այս զարգացումը պիտի շարունակուի եւ հայրենիքը պիտի բնակեցուի արտասահմանէն վերադարձող հայերով, մասնաւորաբար Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ պատերազմէն հեռացող հայրենակիցներով, ինչպէս նաեւ այլ գաղութներէ եկողներով։

Խօսելով Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակին մասին՝ ան դիտել տուած է, որ հասարակութեան մէջ առկայ բեւեռացումը արագ լուծում ունեցող խնդիր չի համարեր։ Իր կարճատեւ այցելութեան ընթացքին տարբեր խաւերու ներկայացուցիչներու, մասնաւորաբար թաքսիի վարորդներու հետ ունեցած զրոյցներուն հիմամբ՝ ան այն տպաւորութիւնը կազմած է, որ լարուածութիւնը տարիներու ընթացքին ձեւաւորուած իրողութիւն է, եւ քաղաքական երկու բեւեռներն ալ իրենց բաժին պատասխանատուութիւնը կը կրեն ստեղծուած իրավիճակին համար։

Վարդան Գազանճեան շեշտած է, որ ինք ո՛չ իշխանութեան, ո՛չ ալ ընդդիմութեան կողմնակից է։ Իբրեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի եւ անկախ ընտրող՝ ամբողջ կեանքին ընթացքին առաջնորդուած է ոչ թէ անձերու, այլ գաղափարներու եւ ծրագրերու գնահատմամբ։ Ան նաեւ կարծիք յայտնած է, որ քաղաքական դաշտին մէջ թէ՛ իշխանութիւնը եւ թէ՛ ընդդիմութիւնը երբեմն կը յայտնուին ծայրայեղ դիրքերու վրայ, ինչ որ չի նպաստեր հասարակական համերաշխութեան։

Անդրադառնալով վերջին ընտրութիւններուն՝ ան միաժամանակ ընդգծած է, որ ժողովուրդի ընտրութիւնը պէտք է յարգել՝ անկախ քաղաքական նախասիրութիւններէ։ Իր կարծիքով՝ ընտրողներու զգալի հատուածը իշխանութեան վստահութիւն յայտնած է նաեւ այն պատճառով, որ ընդդիմադիր ուժերը չեն կրցած հանրութեան մէջ որպէս յուսադրող այլընտրանք մը ներկայանալ, իսկ շատեր տակաւին կը յիշեն նախկին իշխանութիւններուն վերագրուող կաշառակերութիւնն ու բացասական փորձառութիւնը։

Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի ըլլալով հանդերձ՝ ան ընդգծած է, որ, որպէս հայրենիքին մէջ մշտապէս չապրող մարդ, ինք իրաւունք չունի միայն քննադատելու։ Ըստ անոր՝ սփիւռքահայերու առաջնահերթ պարտականութիւնը հայրենիքի յաջողութիւններով ուրախանալն է, դժուարութիւններով՝ մտահոգուիլը եւ իրենց հնարաւորութիւններուն սահմաններուն մէջ օգտակար դառնալը։ Ան համոզում յայտնած է, որ երկրի առօրեայ խնդիրներուն մասին խօսելու ամենամեծ իրաւունքը ունի այն քաղաքացին, որ ամէն օր կ՚ապրի, կ՚աշխատի եւ կը կրէ Հայաստանի իրականութեան ամբողջ բեռը։

Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան հաւանական համաձայնագիրին անդրադառնալով՝  մեր խօսակիցը  նշած է, որ խաղաղութիւնը կը մնայ հայրենիքի ճակատագրով մտահոգ իւրաքանչիւր հայու ընդհանուր ցանկութիւնը՝ անկախ քաղաքական դիրքորոշումներէն։ Սակայն, ըստ իրեն, տարակարծութիւնը կը վերաբերի այդ նպատակին հասնելու միջոցներուն։ Ան իր մտահոգութիւնը յայտնած է նաեւ վերջին տարիներուն շրջանառուող «Արեւմտեան Ատրպէյճան» խօսոյթին առնչութեամբ՝ ընդգծելով, որ նման հռետորաբանութիւնը բնականաբար  մտահոգիչ հարցադրումներ կը յառաջացնէ խաղաղութեան հեռանկարներուն վերաբերեալ։

Խօսելով Հայաստան այցելելու իր անձնական շարժառիթներուն մասին՝ Գազանճեան  նշած է, որ որպէս սիրողական երաժիշտ՝ հաճոյքով կը հանդիպի իր երաժիշտ ընկերներուն եւ անոնց հետ  կատարումներ կ՚ունենայ։ Սակայն, իր բնորոշումով, իր բոլոր այցելութիւններուն գլխաւոր պատճառը «Հայաստանի օդը շնչելն ու ջուրը խմելն է»։ Ան զրոյցը աւարտած է մաղթելով, որ Հայաստանի արձանագրած յառաջընթացը կը  շարունակուի, երկրի զարգացման ընթացքը ամրապնդուի, իսկ հայրենիքը հասնի արդար, կայուն եւ տեւական խաղաղութեան՝ առանց մոռնալու նաեւ Արցախի տեղահանուած հայրենակիցներուն առջեւ ծառացած խնդիրներուն լուծման կարեւորութիւնը։