image

«Ալ Մուսթաքպալ» հոսանքի կարեւոր ներկայացուցիչներէն՝ Ահմատ Հարիրի այցելած է ՀՅԴ Կեդրոն

«Ալ Մուսթաքպալ»   հոսանքի   կարեւոր   ներկայացուցիչներէն՝ Ահմատ Հարիրի  այցելած է ՀՅԴ Կեդրոն

Լիբանանի  սիւննիներու  «Ալ Մուսթաքպալ»   հոսանքի   կարեւոր   ներկայացուցիչներէն համարուող՝ Ահմատ Հարիրի  այցելած է ՀՅԴ Կեդրոն։

 

 Այս մասին  իմացանք  Պէյրութի «Ազդակ»  օրաթերթէն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝ 

«ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ Երիտասարդութեան ու Մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեցին Մուսթաքպալ Հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմատ Հարիրի եւ Հոսանքի մարմնակրթութեան բաժանմունքի պատասխանատու Ֆէյսալ Քըլաուին։ Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Պարոյր Տէր Ղուկասեան։

 

Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցաւ մարմնակրթութեան մարզի հարցերը, դիմագրաւած դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ տարբեր ֆետերասիոններու գործունէութիւնն ու ֆետերասիոններու ընտրութեանց հետ առնչուող հարցեր։

 

Անհրաժեշտ նկատուեցաւ ճիգերու մէկտեղումը, ի խնդիր մարմնակրթութեան մարզի , իբրեւ  կարեւոր հիմք երիտասարդութեան ազգային կազմաւորման»։

 

 Յիշեցնենք, որ  երէկ Լիբանանի   վարչապետ Սաատ Հարիրին  հրաժարական  ներկայացուցած էր, այդպիսով  քաղաքական նոր փուլի մը  սկիզբը  դնելով։