Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) նախկին բարձրաստիճան պաշտօնատար եւ միջազգային դիւանագիտութեան ճանչուած դէմքերէն հանդիսացող բնիկ կիպրահայ Պենոն Սեւան, իր երկարամեայ գործունէութեան ընթացքին առանցքային դեր ստանձնեց բազմաթիւ տագնապներու խաղաղ կարգաւորման ջանքերուն մէջ։ Ան յատկապէս 1990-ականներուն ներգրաւուած էր Աֆղանիստանի խաղաղութեան գործընթացին՝ անընդհատ խորհրդակցութիւններ վարելով տարբեր քաղաքական եւ զինուորական կողմերու հետ՝ պատերազմի արիւնալի շրջանը աւարտին հասցնելու նպատակով։
Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք նոյն թեմայով Պենոն Սեւանի կողմէ եղած գրառումին հայացուած տարբերակը՝
«Ահաւասիկ քանի մը լուսանկար՝ առնուած այն խիստ լարուած եւ անդադար խորհրդակցութիւններու ընթացքէն, որոնք ունեցայ աֆղանական բոլոր հիմնական կողմերուն՝ քաղաքական ղեկավարներու, հրամանատարներու եւ այլ պատասխանատուներու հետ։ Այս հանդիպումները մաս կը կազմէին Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան աջակցութեամբ մշակուող Աֆղանիստանի խաղաղութեան ծրագրին, որուն նպատակն էր վերջ տալ շարունակուող պատերազմին եւ անոր պատճառած աղէտալի հետեւանքներուն։
Այդ օրերուն ստիպուած էի օրուան ընթացքին երբեմն երկու կամ երեք անգամ երթեւեկել Իսլամապատի, Պեշաուրի եւ Քապուլի միջեւ։ Նոյնպէս շարունակական խորհրդակցութիւններ ունեցայ Թեհրանի, Ռիատի, Մոսկուայի, Հռոմի մէջ՝ նախկին թագաւոր Զահիր Շահի հետ, ինչպէս նաեւ Նիւ Եորքի, Ուաշինկթընի եւ այլ քաղաքներու մէջ՝ խաղաղութեան ընդհանուր համաձայնութեան հասնելու նպատակով»։


