image

Երեւան. Սիսակեան փողոցի շէնքերէն մէկուն մէջ վերելակի խանգարում. Կան տուժածներ

Երեւան. Սիսակեան փողոցի շէնքերէն մէկուն մէջ վերելակի խանգարում. Կան տուժածներ

 

Երէկ՝ Յուլիս 31-ին, արտակարգ դէպք տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ։ Ժամը 19։40-ի սահմաններուն ՀՀ Ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութեան Համայնքային ոստիկանութեան գլխաւոր վարչութեան Մաշտոցի բաժանմունք տեղեկութիւններ ստացուած են, որ Երեւանի «103» շտապօգնութեան խումբը քանի մը քաղաքացիներ փոխադրած է «Արմենիա» բժշկական կեդրոն։

Shamshyan.com-ի հաղորդմամբ՝ շտապօգնութեան բժիշկներու հերթապահ խումբը Սիսակեան փողոցի 22 հասցէէն «Արմենիա» բժշկական կեդրոն փոխադրած է Ռուսիոյ քաղաքացի, 39-ամեայ Սերկէյ Գ.-ն, Երեւանի բնակիչ, 60-ամեայ Նարինէ Ա.-ն, 50-ամեայ Մերի Հ.-ն եւ 43-ամեայ Սաթենիկ Հ.-ն։

Ոստիկանները պարզած են, որ ժամը 19։00-ի սահմաններուն Սիսակեան փողոցի 22 շէնքի առաջին մուտքի վերելակը 8-րդ յարկէն պոկուած եւ ինկած է վերելակահորը, որու հետեւանքով նշեալ անձերը մարմնական վնասուածքներ ստացած են։

Դէպքին առնչութեամբ ոստիկանութեան Մաշտոցի բաժանմունքին մէջ փաստաթուղթեր կազմուած են, որոնք փոխանցուած են ՀՀ Քննչական կոմիտէի Երեւան քաղաքի քննչական վարչութեան Աջափնեակ եւ Դաւթաշէն վարչական շրջաններու քննչական բաժին, ուր դէպքին առնչութեամբ քրէական վարոյթ նախաձեռնուած է։