Նիկոլ Փաշինեանը ստորագրած է կառավարութեան հրաժարականի մասին դիմումը, որ պիտի ուղարկուի Հանրապետութեան նախագահին։ Այս մասին ան յայտնած է իր տարածած տեսաուղերձին մէջ։
«Հիմք ընդունելով Սահմանադրութեան 158-րդ յօդուածը՝ խնդրում եմ ընդունել կառավարութեան հրաժարականը»,- յայտարարած է Փաշինեանը՝ ընթերցելով նախագահին ուղղուած գրութիւնը։
Սահմանադրութեան համաձայն՝ Ազգային ժողովի առաջին նստաշրջանի օրը կառավարութիւնը Հանրապետութեան նախագահին կը ներկայացնէ իր հրաժարականը։ Մինչեւ նոր կառավարութեան ձեւաւորումը կառավարութեան անդամները պիտի շարունակեն կատարել իրենց պարտականութիւնները։
Սահմանադրութեան 149-րդ յօդուածի համաձայն՝ նորընտիր Ազգային ժողովի լիազօրութիւններու ժամկէտի մեկնարկէն ետք Հանրապետութեան նախագահն անյապաղ վարչապետ կը նշանակէ խորհրդարանական մեծամասնութեան ներկայացուցած թեկնածուն։ Անոր խօսքով՝ խորհրդարանական մեծամասնութիւնն այսօր նախագահին պիտի ներկայացնէ վարչապետի թեկնածուն, որմէ ետք պիտի կատարուի վարչապետի նշանակումը։