image
Հրատապ լուրեր:

Ամուսնութիւնը՝ դժուարագոյն ընտրութիւնը

Ամուսնութիւնը՝ դժուարագոյն ընտրութիւնը

Աննային հանդիպեցայ Յունուար 2016- ին, Սիտնիէն դէպի Տոհա ուղեւորութեանս ընթացքին: Երկու անծանօթներս՝ ես Պէյրութէն, ինք Փորթուկալէն, պատահմամբ մեր թռիչքը ապահոված էինք «Վըրճին Աթլանթիք» օդանաւային ընկերութենէն, նոյնպէս ալ ընտրած էինք՝ մեր կողք- կողքի համընկնող աթոռները։ Մօտ տասնհինգ ժամ տեւողութեամբ թռիչք մըն էր, որուն ընթացքին մեր խօսակցութեան գլխաւոր նիւթը շատ նուրբ եւ զգայուն հարց մըն էր: 

Քանի մը օր առաջ Աննային տարեդարձն էր: Ջերմ շնորհաւորանքով ու մաղթանքներով դիմեցի իրեն, ինք ալ իր կարգին շատ գնահատեց իրեն երբեք չմոռնալուս հանգամանքը: Ինչպէ՞ս մոռնայի սիրելի Աննային: Ան Օգոստոս 2020- ին, երբ հեռատեսիլէն հազիւ տեղեկացած էր Պէյրութի նաւահանգիստին ահաւոր պայթումին գոյժը, հեռաձայնած էր իմանալու իմ ու ընտանիքիս վիճակը: Երբ իրեն ըսի, թէ պայթումը մեր տան շատ մօտ էր, բայց հակառակ լայնածաւալ քանդումին եւ մեր տան վնասուելուն, ես ու աղջիկս ողջ ու առողջ ենք, իսկոյն ան խորունկ շունչ մը առաւ եւ զգալիօրէն վրդովմունք եւ տագնապ արտայայտող ձայնով ըսաւ. «Թէնք եու Լօրտ»։ Պահ մը լռութենէ ետք Աննան շարունակեց իր ջերմ զգացումները արտայայտել։ 

-Սիլվա՛, երբ Պէյրութ բառը լսեմ քեզ կը յիշեմ: Քեզմով ճանչցայ, որ Պէյրութ անունով քաղաք մը գոյութիւն ունի։ Շատ կը ցաւիմ, որ այս տարողութեամբ սարսափելի պայթում մը տեղի ունեցած է: Կ՚ուզեմ քեզի նիւթապէս օժանդակել, որպէսզի տունդ նորոգես: 

Աննային շնորհակալութիւն յայտնեցի, որ իր միտքէն ու հոգատար սիրտէն վրիպած չէի, սակայն նիւթական օժանդակութեան առաջարկը խստօրէն մերժեցի։ 

Չորս տարի անցած էր այն օրէն, երբ Տոհայի օդակայանին մէջ հրաժեշտ տուած էի Աննային ըսելով. «Աննա՛, ամուսնութիւն կնքելու համար պէտք է հարիւր տոկոս վստահ ըլլաս, ամէնէն թոյզն տատամսումը, կամ երկմտանքը՝ մե՜ծ ոչ մըն է»։ Աննան իր կարգին պատասխանած էր.« Սիլվա՛, խօսքդ բնաւ պիտի չմոռնամ եւ ըստ այնմ կայացնեմ որոշումս: Կը հաւատամ, որ մեր այս հանդիպումը պատահական չէր, այլ՝ Աստուծոյ կարգադրութիւնը, որպէսզի կարեւոր պատուէր մը փոխանցես ինծի: Սիլվա, ընկերակցութիւնդ խիստ հաճելի էր եւ շատ պիտի կարօտնամ քեզի»: 

Աննան՝ երկար թռիչքին ընթացքին կողքս նստող տիկինը, կը յատկանշուէր իր գեղեցիկ կանաչ աչքերով, նուրբ դէմքով, դեղնորակ մազերով եւ նրբակազմ մարմինով: Թէեւ ան ինծի իր երկու չափահաս զաւակներուն նկարը ցոյց տուաւ, բայց ամուսինին մասին նշում մը չըրաւ: Իր խօսքերէն հետեւցուցի, որ ան այժմ միայնակ տիկին մըն է: Աննան ուզեց իմանալ Սիտնի գտնուելուս պատճառը: Իրեն պատմեցի՝ տասնմէկ տարիէ քրոջմէս հեռու ըլլալս, գաղթին պատճառած անհուն կարօտը եւ վերջապէս անցնող քառասուն օրերու ընթացքին, քրոջս եւ իր ընտանիքին հետ վերստին միանալու երջանկութիւնը...: Աննան հետաքրքրութեամբ լսեց զիս եւ ուզեց բացայայտել իր Սիտնի գտնուելուն դրդապատճառը, նաեւ բաժնեկցիլ իր ունեցած փորձառութիւնը: 

-Սիլվա՛, ես յիսունմէկ տարեկան եմ եւ քսան տարիէ կ՚աշխատիմ Փորթուկալի շատ յայտնի դեղագործական ընկերութեան մը մէջ: Բաւական բարձր պաշտօն մը կը վարեմ եւ յաճախ դասախօսական շարքեր կը կազմակերպեմ: Հետեւաբար արտերկրէն բժիշկներ ու հետախոյզեր կը հիւրընկալեմ, որպէսզի անոնք իրենց գիտելիքներն ու գիւտերը փոխանակեն մեր երկրի բժիշկներուն հետ: Վաթսունչորս տարեկան Աւստրալիացի Տօքթ. Ռիչըրտը, անցեալ տարուան ընթացքին մեր ընկերութեան հիւր դասախօսն էր: Շատ ազնուական կենցաղով ու համակրելի նկարագիրով անձ մըն էր: Ան մօտ ամիս մը Փորթուկալ մնաց, որպէսզի ամբողջացնէ իրմէ սպասուած դասախօսական ծրագիրը: Այդ մէկ ամսուան ընթացքին ես ստիպուած էի տեղէ- տեղ ընկերակցիլ իրեն: 

Մեկնումի պահուն Տօքթ. Ռիչըրտ յայտնեց իր, ինծի հանդէպ ունեցած համակրանքը եւ ընկերակցութեանս դրական ազդեցութիւնը իր բաւական տխուր ներաշխարհին վրայ։ Ան պատմեց, թէ երեք տարի առաջ քաղցկեղի հիւանդութեան պատճառով կորսնցուցած էր իր կողակիցը: Ես ապշած ու քարացած էի. նման խոստովանութիւն մը անսպասելի էր ինծի համար, մանաւանդ, որ Ռիչըրտ բաւական հասուն տարիքի անձ մըն էր: Ան տեսնելով իմ այլայլած վիճակս, ներողութիւն խնդրեց: Ռիչըրտ իր մեկնումէն ետք յաճախ կապ պահեց հետս, հետաքրքրուեցաւ իմ առօրեայ նուաճումներովս ու դիմագրաւած դժուարութիւններովս: Ան միշտ ջերմ ու հարազատ վերաբերմունք ցուցաբերեց, իսկ վերջերս ան առաջարկեց, որ իր հիւրը ըլլամ Աւստրալիոյ մէջ: Ան յստակօրէն պարզեց իր ցանկութիւնը, որ զինք մօտէն ճանչնամ, սերտեմ , գուցէ որոշում մը կայացնեմ եւ համաձայնիմ իր հետ ամուսնանալ, իսկ չհամոզուելու պարագային, ոչ մէկ մեղադրական խօսք, կեցուածք, կամ բարեկամութեան խզում պիտի ըլլար մեր երկուքին միջեւ: 

-Սիլվա՛, Ռիչըրտին առաջարկը քիչ մը տատամսումով ընդունեցի: Չես պատկերացներ, թէ այս անցնող մէկ ամսուան ընթացքին ան որքա՜ն հոգատար, սիրալիր ու բարի էր: Ան ոչինչ խնայեց, որ զիս գոհ պահէ եւ երջանկացնէ, բայց ես չկրցայ զինք տեսնել, որպէս ամուսին: Ա՜խ, երանի՜ ան աւագ եղբայրս ըլլար, կամ հայրս: Անոր տարիքը ինծի համար մնայուն ու խանգարող հանգամանք մնաց: Միտքովս ան շատ շնորհալի ու բարի անձնաւորութիւն էր, բայց սիրտիս ու մարմինիս համար մնաց՝ խորթ...: Ահա կը մեկնիմ ու չկրցայ իրեն դրական պատասխան մը տալ: Հաւատա՛, շատ ճնշուած կը զգամ եւ վստահ գիտեմ, որ մերժումս պիտի ցաւցնէ զինք, իսկ յօժարիլս՝ զիս:

-Սիրելի Աննա, շատ լաւ կը պատկերացնեմ ներսդ կատարուող պատերազմը: Միտքդ բան մը կ՚ըսէ, իսկ սիրտդ այլ բան կը թելադրէ: Ամուսնութիւնը այնպիսի բան է, որուն պէտք է պատրաստ ըլլաս, միտքով, հոգիով, սիրտով եւ մարմինով: Դուն Ռիչըրտին տարիքը, որպէս խորթ եւ խանգարող հանգամանք կը գտնես եւ իր մնացած բոլոր բարեմասնութիւնները բաւարար չես տեսներ զինք ընդունելու որպէս ամուսին: Հետեւաբար քաջ եղիր ու Ռիչըրտին անկեղծօրէն բացատրէ իր առաջարկը դրժելուդ միակ պատճառը: Ես վստահ եմ, որ ան թէեւ պիտի վշտանայ քեզ որպէս իր կինը չունենալու իրականութենէն, բայց ըստ նկարագրածիդ ան պիտի հասկնայ քեզի, ընդունի որոշումդ եւ չհրաժարի հետդ յարգալից հաղորդակցութիւն ունենալէ: 

Գիտե՞ս Աննա, ես ու ամուսինս տարիքի մեծ տարբերութիւն ունինք: Քու եւ Ռիչըրտին տասներեք տարի տարբերութենէն աւելին է մերը, բայց ես ոչ մէկ օր տարիքի տարբերութիւնը, որպէս խոչընդոտ, կամ արգելք նկատած եմ, ընդհակառակը՝ հաւասարէ-հաւասար, ամուր ու խորունկ զգացական աշխարհ մը բաժնեկցած ենք: Մենք 35 տարուան ամուսնացած զոյգ ենք եւ ամէն օր աւելի ուրախալի ու համոզիչ կը գտնենք մեր որոշումը՝ զիրար ընտրելու եւ ամուսնական ուխտը կիսելու: Կը հաւատամ, որ իսկական սէրը, անսակարկ նուիրումը, իրար առաջնահերթ նկատելը, անբաժան ու անփոխարինելի ընկերակցութիւնը, իրարմով լիացած ու հմայուած մնալը, կը սահմանեն ամուսնութեան մը յաջողութիւնը: Թէեւ մենք կ՚ապրինք պատերազմական երկրի մը մէջ, ուր շատ մը կենցաղային դժուարութիւններ կան, մշտական անապահովութիւն, վտանգաւոր պայմաններ, անորոշութիւն, բայց այդ բոլորով հանդերձ մենք իրարմով ու մեր զաւակներով երջանիկ ենք։ Հոս ես իմ փորձառութիւնս չեմ ուզեր ընդհանրացնել եւ փորձել քեզի համոզել, որ տարիքի տարբերութիւնը նշանակութիւն մը չունի յաջող ամուսնական կեանք մը ունենալու համար, կամ պիտի չըսեմ՝ սէրը տարիք չճանչնար, տարիքը լոկ թիւ մըն է, անհատի մը առողջութիւնը իր տարիքն է…։ Հոս խնդրոյ անհատը դուն ես եւ պայման է, թէ դո՛ւն ինչպէ՞ս կը տեսնես այդ տարբերութիւնը՝ ընդունելի՞, թէ՞ խորշելի։ Մի ակնկալեր, որ եթէ ամուսնանաս Ռիչըրտին հետ կրնաս օր մը ընդունիլ եւ չնկատել այդ տարբերութիւնը։ Ընդհակառակը այսօրուան յստակօրէն տեսածդ, վաղը պիտի տեսնես խոշորացոյցով... եւ ապրիս զղջումով, կամ ծածկուիս դիմակով: 

2024-ին, երբ Հրեան չարաչար կը հրթիռակոծէր Լիբանանի ու Պէյրութի հարաւը, Աննան կրկին կապուեցաւ հետս ստուգելու համար իր «Պէյրութցի Սիլվային» որպիսութիւնը: 

-Աննա՛, սիրելիս, ես այլեւս Պէյրութ չեմ բնակիր, այժմ աղջկաս մօտ՝ Լօս Անճելըս կ՚ապրիմ։ 

-Սիլվա՛, չես պատկերացներ, որ որքան ուրախացայ, երբ ըսիր, թէ Պէյրութ չես գտնուիր: Քու ապահով ըլլալդ բարիք կը սեպեմ, միաժամանակ շատ կը ցաւիմ, որ գեղեցիկ Պէյրութը կրկին ու կրկին կը հարուածեն ու կը քանդեն։ 

Աննային ու իմ կապս տարուէ- տարի աւելի կը սերտանայ: Մինչ ես հաստատ գիտեմ, որ մեր բարեկամութեան ամուր հիմը կայացաւ, երբ ես «Վըրճին Աթլանթիք» օդանաւին մէջ ամենայն անկեղծութեամբ անոր ըսի. « Աննա՛, ամուսնութիւն կնքելու համար պէտք է հարիւր տոկոս վստահ ըլլաս, ամէնէն թոյզն տատամսումը, կամ երկմտանքը՝ ՄԵԾ ՈՉ մըն է»։

 

Սիլվա Մահրէճեան-Իսկիկեան

 Սիլվա Մահրէճեան- Իսկիկեան

Սիլվա Մահրէճեան- Իսկիկեան

Ծնած եմ Պէյրութ ընթերցասէր ընտանիքի մը մէջ: Գ...