image
Հրատապ լուրեր:

Մատենադարանին մէջ՝ Կոստանդնուպոլսոյ հայ տպագրութեան ժառանգութեան նուիրուած աշխատաժողով եւ ցուցահանդէս

Մատենադարանին մէջ՝ Կոստանդնուպոլսոյ հայ տպագրութեան ժառանգութեան նուիրուած աշխատաժողով եւ ցուցահանդէս

Հայ տպագրութեան դարաւոր պատմութեան մէջ Կոստանդնուպոլիսը ունեցած է առանձնայատուկ եւ վճռորոշ դերակատարութիւն մը։ Դարեր շարունակ Պոլսոյ հայ տպագրիչները եղած են ոչ միայն գիրքի ստեղծման եւ տարածման գործիչներ, այլեւ՝ հայ մտաւոր, մշակութային եւ ազգային կեանքի կարեւոր կրողները։ Այս ժառանգութեան նորովի արժեւորումը նպատակ ունի ներկայացնել այն մեծ ներդրումը, որ հայ տպագրական շարժումը բերած է Օսմանեան կայսրութեան մայրաքաղաքին մէջ։ Այս ծիրին մէջ, Երեւանի Մատենադարանը կը հիւրընկալէ գիտական աշխատաժողով մը եւ ցուցահանդէս մը՝ նուիրուած «Կոստանդնուպոլսոյ հայ տպագրիչները» թեմային։

Երեւանի Մատենադարանին մէջ, յառաջիկայ ամսուան սկիզբը տեղի պիտի ունենայ հետաքրքրական աշխատաժողով մը, որուն զուգահեռ նախատեսուած է նաեւ ցուցահանդէս մը: «Կոստանդնուպոլսոյ հայ տպագրիչները» խորագրեալ այս նախաձեռնութիւնը կեանքի պիտի կոչուի՝ 7-8-ը օգոստոսին։

Մատենադարանի համալիրէն ներս, երկօրեայ աշխատաժողովի գծով զեկուցումներով հանդէս պիտի գան՝ Մուրատ Ճանքարա (Անգարայի համալսարանի քաղաքագիտութեան ֆաքիւլթէ), Օնուր Եազըճըկիլ («Սապանճը» համալսարան), Վազգէն Խաչիկ Դաւիթեան (Օքսֆորտի համալսարան), ինչպէս նաեւ Պոռնա Իզատփանահ, Էրին Փինոն եւ Էլենա Փափասիսա։ Այս բոլոր գիտնականները նիւթը պիտի մատուցեն զանազան տեսանկիւններէ, ինչ որ պատմութեան զանազան երեսակներու համար նոր բացայայտումներու հնարաւորութիւն պիտի ընձեռէ։

Պոլսոյ մէջ հայ տպագրիչներու կողմէ կատարուած արտադրութիւնը բացարձակ մեծ նշանակութիւն ունի՝ ո՛չ միայն գործունէութեան ծաւալի, այլեւ տուեալ աշխարհագրութեան մէջ հայոց կողմէ մտաւորական կեանքին բերուած նպաստի բիւրեղացման տեսակէտէ։ 

Մատենադարանէն ներս ծրագրուած ցուցահանդէսը այս նիւթին վրայ լոյս պիտի սփռէ՝ ճոխ, տեսողական առարկաներով։