image

Զմմառի Մխիթարեան հայրերը մասնակցեցան 3-րդ Հայագիտական միջազգային համագումարին եւ Մատենադարանին նուիրեցին Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի սրբապատկերը

Զմմառի Մխիթարեան հայրերը մասնակցեցան 3-րդ Հայագիտական միջազգային համագումարին եւ Մատենադարանին նուիրեցին Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի սրբապատկերը

Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանին մէջ տեղի ունեցած 3-րդ Հայագիտական միջազգային համագումարի բացման հանդիսութեան, որ նուիրուած էր Մխիթար Սեբաստացիի ծննդեան 350-ամեակին, իրենց մասնակցութիւնը բերին Զմմառի Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան ներկայացուցիչները։

Զմմառի Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ եւ Զմմառի Մայրավանքի մեծաւոր՝ Գերպ. Հ. Մաշտոց Թ.Ծ.Վ. Զահթէրեան, ինչպէս նաեւ Մայրավանքի Փոխ Մեծաւոր, թանգարանապետ, մատենադարանի տնօրէն եւ դիւանապետ՝ Գեր. Նարեկ Վրդ. Լուիսեան, համագումարի ընթացքին առանձնազրոյց ունեցան Մատենադարանի տնօրէն տիար Արա Խզմալեանի, փոխ տնօրէնի եւ ձեռագրատան աւանդապահի հետ։

Հանդիպման աւարտին, Գերպ. Հ. Մաշտոց Թ.Ծ.Վ. Զահթէրեան Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի սրբապատկերը նուիրեց Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանին՝ ի նշան հոգեւոր ու մշակութային գործակցութեան։

3-րդ Հայագիտական միջազգային համագումարը համախմբեց հայագիտութեան ոլորտի մասնագէտներ, գիտնականներ եւ մշակութային հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ՝ արժեւորելու Մխիթար Սեբաստացիի ժառանգութիւնը եւ հայագիտական ուսումնասիրութիւններու շարունակական զարգացումը։

 

Լուրը համադրեց՝ «Արեւելք»ը