Պելճիքայի Լիմպուրկ նահանգի հայ համայնքի կեանքին մէջ պատմական նշանակութիւն ունեցող նոր էջ մը բացուեցաւ։ Հայ Առաքելական Եկեղեցին համաձայնագիր ստորագրեց Կենք քաղաքի Ուինթըրսլախ շրջանին մէջ գտնուող Սուրբ Էվենտիուս եկեղեցին վարձակալելու համար՝ Լիմպուրկի հայ հաւատացեալներուն ապահովելով իրենց առաջին մշտական պաշտամունքի վայրը։ Այս քայլը կը հանդիսանայ ոչ միայն եկեղեցական ներկայութեան ամրապնդում, այլեւ համայնքային, ազգային եւ հոգեւոր կեանքի զարգացման կարեւոր հանգրուան մը՝ զօրացնելով հայապահպանութեան եւ սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան առաքելութիւնը։
Ստորեւ «Արեւելք»ին ուղարկուած հաղորդագրութիւնը՝
Հրամանով եւ օրհնութեամբ Գերաշնորհ Տէր Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանի, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակի, եւ նախաձեռնութեամբ Հոգեշնորհ Հայր Մաղաքիա Աբղյ. Պէսքիսիզեանի, ուրախութեամբ կը տեղեկացնենք, թէ Հայ Առաքելական Եկեղեցին համաձայնագիր ստորագրած է Պելճիքայի Կենք քաղաքին Ուինթըրսլախ շրջանին մէջ գտնուող Սուրբ Էվենտիուս եկեղեցին վարձակալելու համար։
Այս համաձայնագրով Լիմպուրկ նահանգի հայ հաւատացեալները այսուհետեւ պիտի ունենան իրենց յատուկ պաշտամունքի վայրը, ուր կարելի պիտի ըլլայ համախմբուիլ աղօթքի, Սուրբ Պատարագի եւ համայնքային հոգեւոր ու մշակութային կեանքի շուրջ։
Սոյն համաձայնագիրը կարեւոր հանգրուան մըն է Լիմպուրկի հայ համայնքի եկեղեցական եւ կազմակերպական կեանքին մէջ։ Անիկա ոչ միայն կը տրամադրէ մշտական պաշտամունքի վայր մը, այլ նաեւ կը նպաստէ համայնքի հոգեւոր զօրացման, ազգային ինքնութեան պահպանման եւ սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան։
Պելճիքայի մէջ ներկայիս կ’ապրին մօտաւորապէս 40-50 հազար հայեր։ Վերջին 4-5 տարիներուն ընթացքին, Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակութեան առաջնորդութեամբ՝ Գերաշնորհ Տէր Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանի հովանաւորութեամբ եւ Հոգեշնորհ Հայր Զատիկ Վրդ. Աւետիքեանի, Հայր Տիրայր Վրդ. Յակոբեանի ու Հայր Մաղաքիա Աբղյ. Պէսքիսիզեանի ջանքերով եւ համագործակցութեամբ, նոր եկեղեցական համայնքներ կազմակերպուեցան՝ հոգալու մեր ժողովուրդի հոգեւոր, դաստիարակչական եւ հայապահպան առաքելութիւնը։
Լիմպուրկի նահանգի, տարբեր քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ, կ’ապրին մօտաւորապէս 250-300 հայ ընտանիքներ։ Նոր պաշտամունքի վայրի հաստատումը նշանակալի քայլ մըն է՝ այս ընտանիքներուն եկեղեցական կեանքը աւելի կազմակերպուած, կենսունակ եւ արմատաւոր դարձնելու ուղղութեամբ։
Աստուածպաշտութեան ժամացոյցին եւ մօտալուտ տօնակատարութիւններուն մասին լրացուցիչ տեղեկութիւններ շուտով պիտի հրապարակուին։


