Անդրադառնալով Պօղոսի եւ Շիղայի բանտարկութեան պատմութեան՝ Վերապատուելին շեշտեց, որ Աստուած շատ անգամ ամենէն աւելի ներկայ է այն ատեն, երբ արտաքին բոլոր հանգամանքները կը թուին վկայել հակառակը։ Կեանքի «կէս գիշերները»՝ փորձութիւնները, սպասումը եւ անորոշութիւնը, կոչ մըն են հաւատացեալին՝ իր վստահութիւնը ոչ թէ փոփոխուող պայմաններուն, այլ Աստուծոյ անփոփոխ հաւատարմութեան վրայ հաստատելու։
Կիրակի, 19 Յուլիս 2026-ին, Հայ Աւետարանական Բեթէլ Եկեղեցւոյ մէջ, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան պատգամեց Աստուծոյ Խօսքը Գործք Առաքելոց 16.22–34 հատուածէն՝ «Երբ Կէս Գիշերը Եկաւ» խորագիրով։
Քարոզին կեդրոնական պատգամն էր, թէ Աստուծոյ լռութիւնը երբեք Անոր բացակայութիւնը չէ։ Անդրադառնալով Պօղոսի եւ Շիղայի բանտարկութեան պատմութեան՝ Վերապատուելին շեշտեց, որ Աստուած շատ անգամ ամենէն աւելի ներկայ է այն ատեն, երբ արտաքին բոլոր հանգամանքները կը թուին վկայել հակառակը։ Կեանքի «կէս գիշերները»՝ փորձութիւնները, սպասումը եւ անորոշութիւնը, կոչ մըն են հաւատացեալին՝ իր վստահութիւնը ոչ թէ փոփոխուող պայմաններուն, այլ Աստուծոյ անփոփոխ հաւատարմութեան վրայ հաստատելու։
Քարոզին մէջ ընդգծուեցաւ նաեւ, որ Պօղոսի եւ Շիղայի կէսգիշերեան աղօթքն ու օրհներգութիւնը վկայութիւն դարձան բանտին մէջ, եւ Աստուած նոյն այդ «կէս գիշերը» գործածեց՝ բանտապետին եւ իր ամբողջ ընտանիքին փրկութիւնը շնորհելու համար։ Նշուեցաւ, որ շատ անգամ Աստուած մեր ամենադժուար փորձութիւնները կը վերածէ Իր շնորհքին, վկայութեան եւ ուրիշներու օրհնութեան միջոցի։
Իր պատգամի աւարտին, Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան հրաւիրեց ներկաները իրենց «կէս գիշերներուն» մէջ չյուսահատելու, այլ շարունակելու աղօթել, վստահիլ եւ փառաբանել Աստուած՝ վստահ ըլլալով, որ Ան, թէեւ երբեմն լուռ կը թուի, երբեք բացակայ չէ եւ Իր կատարեալ ժամանակին Իր նպատակը պիտի յայտնէ։




