image

Յստակ ազդակ կը պահանջենք. ԱԳՆ հրաւիրուած են Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպանները

Յստակ ազդակ կը  պահանջենք. ԱԳՆ հրաւիրուած են Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպանները

ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս ՀՀ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Մնացական Սաֆարեանը հանդիպած է Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներու եւ միջազգային կառոյցներու ներկայացուցիչներու հետ եւ քննարկած շրջափակուած Լեռնային Ղարաբաղ այսօր ուղարկուած շուրջ 400 թոն մարդասիրական օգնութեան հարցը։ Տեղեկութիւնը յայտնած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը։

«ՀՀ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալը ներկայացրել է Ադրբեջանի կողմից Լաչինի միջանցքի աւելի քան 7 ամիս շարունակուող արգելափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղում ստեղծուած հումանիտար ճգնաժամը»,– նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Մնացական Սաֆարեանը նշած է, որ 15 յունիսէն Լեռնային Ղարաբաղի լիակատար շրջափակումը եւ մարդասիրական մատակարարումներու դադրեցումը, այդ շարքին՝ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի միջոցով, յանգեցուցած է պարենի, դեղորայքի, վառելիքի եւ կենսական նշանակութեան այլ ապրանքներու սուր պակասի:

Հանդիպման ընթացքին կարեւորուած է միջազգային հանրութեան յստակ ազդակը Ատրպէյճանին՝ կատարելու ՄԱԿ արդարադատութեան միջազգային դատարանի 22 փետրուարի եւ 6 յուլիսի իրաւաբանօրէն պարտադիր ուժ ունեցող որոշումները՝ Լաչինի միջանցքով անձանց, փոխադրային միջոցներու ու բեռերու անխափան տեղաշարժը երկու ուղղութիւններով ապահովման վերաբերեալ:

Հանդիպման աւարտին դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու եւ միջազգային կառոյցներու ղեկավարները շրջայց կատարած են արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքի յարակից հատուածին մէջ կայանած մարդասիրական շարասիւնի մօտ՝ ծանօթանալով մարդասիրական բեռերու խմբաքանակին մէջ ներառուած ապրանքատեսակներուն:

Յիշեցնենք, որ այսօր առաջին անհրաժեշտութեան 400 թոն ապրանքով բեռնուած 19 մեքենայ Երեւանէն մեկնեցաւ աւելի քան 225 օր շրջափակման մէջ գտնուող Արցախ։ Սիւնիքի Կոռնիձորի հատուածէն, ըստ պայմանաւորուածութեան, բեռերը Արցախ պիտի հասցուին ռուս խաղաղապահներու ուղեկցութեամբ։