image

Ըստ Հ. Բագրատեանի՝ «Նպատակ ունին Արցախը թողնել Ատրպէյճանի քմահաճոյքին»

Ըստ  Հ. Բագրատեանի՝ «Նպատակ ունին Արցախը  թողնել Ատրպէյճանի քմահաճոյքին»

Հայաստանի իշխանութիւնները կը ցանկան Ղարաբաղը թողել Ատրպէյճանի քմահաճոյքին։ Այս մասին ըսած է Հայաստանի նախկին վարչապետ, քաղաքագէտ Հրանդ Բագրատեանը։ 

Նախկին վարչապետին խօսքով՝ այդ կը նշանակէ, որ Ղարաբաղը, ըստ էութեան, որեւէ ինքնավարութիւն պիտի չստանայ։

«Որոշ ժամանակ անց Պաքուն կը սկսի պահանջել, որ Ատրպէյճանի օրէնքները տարածուեն Ղարաբաղի ողջ տարածքի վրայ։ Այո՛, ռուս զինուորականները կը մնան, սակայն ատրպէյճանական օրէնսդրութեան հաստատումէն յետոյ փախստականներու վերադարձի հարցը կը բարձրացուի։ Ատրպէյճանցիները կը վերադառնան Ղարաբաղ, իսկ ահա Ղարաբաղի բնակիչները՝ ոչ։ Ապա ատրպէյճանցիները կը սկսին հաստատուիլ Հայաստանի մէջ, իսկ իրենք՝ հայերը, չեն վերադառնար Պաքու եւ Սումգայիթ։ Եպ այսպիսով, խնդիրը կը սկսի խորանալ», ըսաւ Բագրատեանը։ Միաժամանակ, ան չբացառեց Ռուսաստանի Դաշնութեան մէջ իշխանափոխութեան դեպքում ռուսական խաղաղապահ զօրախմբի դուրսբերումը Ղարաբաղի տարածքից։

«Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը ցանկանում են որքան հնարաւոր է շուտ լուծել Ղարաբաղի հարցը։ Դա պայմանաւորուած է նրանով, որ Ռուսաստանի ուշադրութիւնն այժմ կեդրոնացած է Ուքրանիոյ վրա։ Բացի այդ, Ռուսաստանը, Հայաստանի առումով, կը գտնուի բաւական խեղաթիւրուած տեղեկատուական տարածքում։ Հայաստանի նկատմամբ իրենց սխալ են պահում ոչ միայն Ռուսաստանի Պետդումայի որոշ պատգամաւորներ, այլեւ ԱԳՆ ներկայացուցիչներ, անգամ ՌԴ նախագահի մամուլի քարտուղարը», նկատեց քաղաքագէտը։