Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Փնոմ Փենի մէջ մասնակցած է Ֆրանկոֆոնիայի միջազգային կազմակերպության գագաթնաժողովի լիագումար նիստերուն։ Այս մասին կը հաղորդէ Հայաստանի կառավարութիւնը։
Նիստերուն ընթացքին քննարկուած եւ հաստատուած են գագաթնաժողովի օրակարգային հարցերը, նախագիծերն ու ընթացակարգերը։ Այնուհետեւ Ֆրանկոֆոնիայի նախարարական համաժողովի նախագահը զեկուցած է նախարարական համաժողովի նստաշրջանի աշխատանքներուն մասին։ Ներկայացուած է նաեւ կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարին գործունէութեան վերաբերեալ հաշուետուութիւնը։
Լիագումար նիստերուն ծիրէն ներս քննարկուած են խաղաղութեան վերաբերող հարցեր։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձած է Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային համագործակցութեան խթանման ուղղութեամբ ընթացող գործընթացներուն։