Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններու կարգաւորումը նպաստած է Հարաւային Կովկասի մէջ իրավիճակի բարելաւման: Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սերկէյ Շոյկուն։
«Հարաւային Կովկասի մէջ իրավիճակը բարելաւման միտում ունի։ Հայ-ատրպէյճանական կարգաւորումն ու տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան փաստացի հաստատումը արդէն իսկ արդիւնքներ կու տան», ըսած է ան՝ Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան (ԱՊՀ) մասնակից պետութիւններու Անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարներու 14-րդ տարեկան հանդիպման ընթացքին։
Շոյկուի խօսքով՝ մեծ կարեւորութիւն ունի նաեւ փոխադրական հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակումը, որուն վերաբերեալ համաձայնութիւնները ձեռք բերուած էին տակաւին աշխատանքային խումբի շրջածիրէն ներս։
«Միեւնոյն ժամանակ, բոլոր լոճիսթիք ծրագիրները պէտք է ունենան տնտեսական հիմնաւորում եւ ըլլան ինքնածախսածածկուող», նկատած է Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը։