image

Ըստ երէկ հրապարակուած քարտէզներու` այլընտրանքային ճանապարհը պիտի անցնի գիւղի եկեղեցւոյ եւ դպրոցի միջով. տաւուշցիները փակած են ճանապարհը

Ըստ երէկ հրապարակուած քարտէզներու` այլընտրանքային ճանապարհը պիտի անցնի գիւղի եկեղեցւոյ եւ դպրոցի միջով. տաւուշցիները փակած են ճանապարհը

Այսօր առաւօտեան Կիրանցի բնակիչները փակած են միջպետական ճանապարհը:

Երէկ հրապարակուած քարտէզներու հիման վրայ մասնագէտներն այսօր առաւօտեան սկսած են գիւղին մէջ չափագրումները։ MediaHub-ի լրագրողի հետ զրոյցին յայտնած է Կիրանցի մօտ՝ ճանապարհին հաւաքուած բնակիչներէն մէկը։

«Չափագրումներից պարզ է դառնում, որ եկեղեցի է քանդուելու, իմ արուեստանոցը, դպրոցն է քանդուելու, հարեւանիս տունը, իմ տունը։ Այս ամէնը պէտք է քանդուի, որ ճանապարհն անցնի։ Թոյլ չենք տալու ոչ մի բան», - նշած է ցոյցի մասնակիցը։

Սուրէն Պետրոսեանը տեղեկացուցած է, որ ճանապարհը փակած քաղաքացիներուն այցելած է մարզպետ Հայկ Ղալումեանը, որ առաջարկած է փակ հանդիպում ունենալ: Բնակիչներու մէկ մասը կը մասնակցի այդ հանդիպման, իսկ ճանապարհը կը շարունակեն փակ պահել եւ նշած, որ թոյլ պիտի չտան ոչ մէկ այլընտրանքային ճանապարհի կառուցում եւ յանձնում:

Այլընտրանքային ճանապարհը պիտի անցնի գիւղի դպրոցի եւ եկեցեցւոյ միջով, եթէ գործողութիւնները սկսին երէկ հրապարակուած քարտէզներով:

Նշենք՝ Տաւուշի մէջ գիշերը իրավիճակը լարուած եղած է, հարիւրաւոր քաղաքացիներ միջպետական ճանապարհը փակած են Բաղանիսի եւ Կիրանցի հատուածին մէջ։

Ցոյցի ժամանակ հաւաքուած են բնակիչներ Բաղանիսէն, Ոսկեպարէն, Կիրանցէն, Բարեկամաւանէն, Կոթիէն, Դիլիջանէն, Իջեւանէն եւ Տաւուշի այլ բնակավայրերէ։