image
Հրատապ լուրեր:

Արմաշ Սրբազան Հայրը ընդունած է Դամասկոսի Ամառնային դպրոցի ուսուցչուհիներն ու պատասխանատուները

Արմաշ Սրբազան Հայրը ընդունած է Դամասկոսի Ամառնային դպրոցի ուսուցչուհիներն ու պատասխանատուները

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր յատուկ օրհնութիւնն ու մանաւանդ երախտագիտութիւնը յայտնեց նուիրեալ ուսուցչուհիներուն եւ օգնական ծառայողներուն, որոնց անխոնջ եւ պատասխանտու ծառայութեամբ մեծ յաջողութիւն ունեցաւ 2026-ի ամառնային դպրոցը:

Դամասկոսի Թեմի  Ազգային Առաջնորդարանի պաշտօնական էջէն կը կարդանք՝ 

Տ. Արմաշ Սրբազան Հայրը ընդունեց Ամառնային դպրոցի ուսուցչուհիները

Երեքշաբթի, 8 Սեպտեմբեր 2026-ին, Դամասկոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդ, Գերշ. Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեանը, Ազգ. Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս ընդունեց 2026 թուականի ամառնային դպրոցի ուսուցչուհիներն ու պատասխանատուները:

Դամասկոսի հայկական կեանքէն ներս արդէն իսկ անբաժանելի իրականութիւն դարձած են ամենամեայ ամառնային դպրոցի դասընթացքները:

Այս տարի Ամառնային դպրոց յաճախեցին աւելի քան 55 փոքրիկներ: Անոնք սորվեցան աղօթքներ եւ ծանօթացան սբ. Պատարագի արարողութեան ապա միասին «մաս» պատրաստեցին, ինչպէս նաեւ հայերէնով ծանօթացան գոյներու, թիւերու եւ պտուղներու աշխարհին: Ամառնային դասընթացքներու շրջանին շաբաթական դրութեամբ աշակերտները ունեցան բազատեսակ պտոյտներ եւ խաղեր: Փոքրիկներուն աւանդական արժէքներ հաղորդելու նպատակով, ի մասնաւորի կազմակե09րպուեցան Վարդավառի ջրախաղ եւ սբ. Աստուածածնի տօնական խաղողօրհնէք: