Իրանի Փորձագէտներու խորհուրդը Իսլամական Հանրապետութեան նոր առաջնորդ նշանակած է այաթոլլա Սէյէտ Մոճթապա Խամենէին, կը հաղորդէ Press TV-ն։
Իրանի նոր հոգեւոր առաջնորդը սպաննուած այաթոլլա Ալի Սէյէտ Խամենէիի որդին է։
Աւելի վաղ Pars Today-ը հաղորդած էր, թէ Փորձագէտներու խորհուրդի մեծամասնութիւնը հակուած է երկրի սպաննուած հոգեւոր առաջնորդ այաթոլլա Ալի Սէյէտ Խամենէիի որդիին՝ Մոճթապա Խամենէիի թեկնածութեան։
Ըստ Իրանի սահմանադրութեան՝ 88 անդամէ բաղկացած Փորձագէտներու խորհուրդն է լիազօրուած ընտրելու երկրի հոգեւոր առաջնորդը։ Խամենէին, որ Իրանը ղեկավարած էր 37 տարի, սպաննուած է փետրուար 28-ին Թեհրանին հասցուած ամերիկա-իսրայէլեան հարուածին հետեւանքով։
Այս գործընթացին անդրադարձած է նաեւ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը (ՑԱՀԱԼ)՝ յայտարարելով, որ պիտի հետապնդէ Իրանի հոգեւոր առաջնորդի որեւէ ժառանգորդ։
ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփն ալ իր հերթին յայտարարած է, որ Իրանի նոր հոգեւոր առաջնորդը «երկար պիտի չդիմանայ» առանց Միացեալ Նահանգներու հաւանութեան։