image

ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի ընտրութիւններ. Գլխաւոր հաւակնորդի անունը յայտնի է

ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի ընտրութիւններ. Գլխաւոր հաւակնորդի անունը յայտնի է

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին մէջ կայացած է կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնի թեկնածուներու երկրորդ նախնական քուէարկութիւնը։ Նախնական տուեալներուն համաձայն՝ առաւելագոյն ձայները ստացած է Կայանայի ներկայացուցիչ Քերոլայն Ռոտրիկես-Պիրքեթը։

Անոր օգտին քուէարկած է Անվտանգութեան խորհուրդի 8 անդամ, 3-ը դէմ եղած են, իսկ 4-ը՝ ձեռնպահ։ Առաջատարներու շարքին են նաեւ ՄԱԿ-ի Առեւտուրի եւ զարգացման համաժողովի (UNCTAD) ղեկավար Ռեպեքա Կրինսփընը եւ Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան գլխաւոր տնօրէն Ռաֆայէլ Կրոսին՝ իւրաքանչիւրը ստանալով 7 «կողմ» ձայն։

Գործող գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշի լիազօրութիւնները պիտի աւարտի 2026 թուականի Դեկտեմբեր 31-ին։ Յատկանշական է, որ պաշտօնին թեկնածու Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան ղեկավարը աւելի վաղ յայտարարած էր, որ ՄԱԿ-ը աստիճանաբար կը կորսնցնէ իր արդիականութիւնը եւ «դանդաղ կը մահանայ»։