Երեւանի աւագանիի նիստին ընդունուած է որոշում, ըստ որու՝ մայրաքաղաքի Ամիրեան փողոցն այսուհետեւ պիտի կրէ Պապ թագաւորի անունը։
Նախագիծը ներառուած էր չզեկուցուող հարցերու շարքին։
Աւագանիի ընդդիմադիր անդամները փորձած են հարցը դարձնել զեկուցուող, սակայն Երեւանի քաղաքապետ Տիգրան Աւինեանը չէ համաձայնած առաջարկին, եւ նախագիծը հաստատուած է չզեկուցուող հարցերու փաթեթով։