image

Ֆրանսայի Անթոնի քաղաքին մէջ բացուած է Երեւանի Դաւթաշէն թաղամասի անունը կրող փողոց (Լուսանկար)

Ֆրանսայի Անթոնի քաղաքին մէջ բացուած է Երեւանի Դաւթաշէն թաղամասի անունը կրող փողոց (Լուսանկար)

Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արման Խաչատրեան մասնակցած է Անթոնի քաղաքին մէջ Երեւանի Դաւթաշէն թաղամասին անունը կրող փողոցի բացման պաշտօնական արարողութեան։

Այս մասին կը յայտնեն դեսպանատունէն։

Միջոցառման ելոյթներով հանդէս եկած են Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպան Արման Խաչատրեան, Դաւթաշէն վարչական շրջանի ղեկավար Ալպերթ Յովասափեան, Անթոնիի քաղաքապետ Օտ Նոտէ-Լանկլուա, փոխքաղաքապետ Ուիսամ Նըհմէն եւ քաղաքային խորհուրդի անդամ Լինտա Էլ Մեզուէտ։

Արարողութեան մասնակցած են նաեւ Ֆրանսայի կառավարութեան բանբեր, ուժանիւթի հարցերով լիազօր նախարար Մոտ Պրէժոն, Օ-տը-Սէն բաժանմունքի նախագահ Ժորժ Սիֆրէտի, ֆրանսահայ համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչներ, բազմաթիւ ֆրանսահայեր եւ ֆրանսացիներ։

Յիշեցնենք, որ 2015 թուականի սեպտեմբերին Երեւան քաղաքի Դաւթաշէն վարչական շրջանին եւ Ֆրանսայի Անթոնի քաղաքին միջեւ ստորագրուած է քոյրացման արձանագրութիւն։