image

Վրաստանը պիտի չմիանայ Ռուսաստանի դէմ պատժամիջոցներին․ Քոպախիձէ

Վրաստանը պիտի չմիանայ Ռուսաստանի դէմ պատժամիջոցներին․ Քոպախիձէ

Վրաստանի մէջ իշխող «Վրացական Երազանք» կուսակցութեան նախագահ Իրաքլի Քոպախիձէն կրկնած է, որ Վրաստանը պիտի չմիանայ Ռուսաստանի դէմ սահմանուած պատժամիջոցներուն:

«Մենք պիտի չմիանանք այդ պատժամիջոցներուն, քանի որ մեզի համար առաջնահերթը վրացական պետութեան եւ վրացի ժողովուրդի շահերուն պաշտպանութիւնն է: Ռուսաստանի դէմ պատժամիջոցներուն միանալը կրնայ ծանր հարուած ըլլալ մեր երկրին ու ժողովուրդին»,  յայտնած է Քոպախիձէն:

«Վրացական Երազանք»ի ղեկավարին խօսքով, Ռուսաստանի դէմ պատժամիջոցներու դէմ միանալու պահանջը հիմնական կը ներկայացնէ նախկին նախագահ Միխայիլ Սաակաշվիլիի կողմնակիցները միաւորող Ազգային միացեալ շարժումը:

Պատերազմի կուսակցութիւնը ի դէմս Ազգային միացեալ շարժման իր սադրիչ գործողութիւններով ոչ միայն կը պահանջէ միանալ Ռուսաստանի դէմ սահմանուած պատժամիջոցներուն, այլեւ կը պահանջէ, որ Վրաստանը միանայ ռազմական գործողութիւններուն: Ազգային միացեալ շարժման այդ սադրիչ արշաւին կը միանան նաեւ անոնց օտարերկրեայ լոպպիստները, որոնք եւս կոչ կ'ընեն վրացական իշխանութիւններուն՝ միանալու պատժամիջոցներուն», կը յայտարարէ Քուախիձէն: