Էլիզեան պալատին մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հանդիպումը։
Ֆրանսայի նախագահը ողջունած է Հայաստանի վարչապետին այցելութիւնն ու մասնակցութիւնը Փարիզի Խաղաղութեան համաժողովին։ Էմանուէլ Մաքրոն նշած է, որ այս հանդիպումը լաւ առիթ է քննարկելու երկկողմ ռազմավարական յարաբերութիւններու օրակարգը։
Վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ ընդունելութեան եւ Փարիզի Խաղաղութեան 9-րդ համաժողովին մասնակցելու հրաւէրին համար։ Նիկոլ Փաշինեան ընդգծած է Հայաստան-Ֆրանսա յարաբերութիւններու բարձր մակարդակը եւ կարեւորած բոլոր ուղղութիւններով կապերու զարգացումն ու ընդլայնումը։
Զրուցակիցները քննարկած են երկկողմ գործակցութեան վերաբերող հարցեր։ Անդրադարձ կատարուած է ենթակառոյցներու եւ այլ ոլորտներու մէջ համատեղ ծրագիրներու ընթացքին։
Քննարկուած են նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն գործակցութեան հետագայ զարգացման, ներառեալ՝ մուտքի արտօնագիրներու ազատականացման գործընթացին եւ Եւրոպական Միութեան աջակցութեամբ իրականացուող բարեփոխումներու ընթացքին առնչուող հարցեր։
Նիկոլ Փաշինեան եւ Էմանուէլ Մաքրոն միտքեր փոխանակած են նաեւ տարածաշրջանային զարգացումներուն եւ ընթացող գործընթացներուն շուրջ։