Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աշխատանքային այցով ժամանած է Թուրքիա։ Այս մասին կը յայտնեն կառավարութենէն։
Անթալիոյ միջազգային օդակայանին մէջ վարչապետը դիմաւորած է Թուրքիոյ մշակոյթի նախարարի տեղակալ Սերտար Չամը։
Փաշինեան Անթալիոյ մէջ պիտի մասնակցի ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան մասին շրջանակային համաձայնագիրի մասնակից երկիրներու 31-րդ համաժողովին (COP31) առթիւ կայանալիք առաջնորդներու գագաթնաժողովին։
Այցին շրջածիրէն ներս նախատեսուած են նաեւ երկկողմ հանդիպումներ օտարերկրեայ գործընկերներու հետ։