image
Հրատապ լուրեր:

Նաթանիահուն «արտակարգ բարդ եւ լարուած» զրոյց ունեցած է Թրամփի հետ. Ynet

Նաթանիահուն «արտակարգ բարդ եւ լարուած» զրոյց ունեցած է Թրամփի հետ. Ynet

Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահու շաբաթավերջին «արտակարգ բարդ եւ լարուած» զրոյց  ունեցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ՝ Իրանի դէմ ռազմական գործողութիւնները վերսկսելու հարցի շուրջ։ Այսպիսի պնդումով հանդէս եկած է Ynet լրատուական կայքը՝ վկայակոչելով իր աղբիւրը։

Կայքը, մէջբերելով իր զրուցակիցը, կը նշէ, որ զրոյցը յիշեցուցած է «բարձր ձայնով սարսափելի վէճ մը»։

Իսրայէլի վարչապետի գրասենեակը, մեկնաբանելով Ynet-ի համապատասխան հարցումը, հերքած է այս տեղեկութիւնը՝ զայն որակելով «կեղծ լուրեր»։ Իսրայէլացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը հաստատած է հեռաձայնային զրոյցին փաստը, սակայն յայտարարած է, որ Նաթանիահուի եւ Թրամփի միջեւ զրոյցը «բնաւ ալ բարդ չէ եղած»։

Աւելի վաղ բրիտանական Financial Times թերթը, վկայակոչելով աղբիւրը, հաղորդած էր, որ Նաթանիահու գրեթէ ամէն օր կը հեռաձայնէ Թրամփին՝ խնդրելով վերսկսել Իրանի դէմ ռազմական գործողութիւնները։