Վրաստանի մէջ իշխող «Վրացական Երազանք» կուսակցութեան նախագահ Իրաքլի Քոպախիձէն կրկնած է, որ Վրաստանը պիտի չմիանայ Ռուսաստանի դէմ սահմանուած պատժամիջոցներուն:
«Մենք պիտի չմիանանք այդ պատժամիջոցներուն, քանի որ մեզի համար առաջնահերթը վրացական պետութեան եւ վրացի ժողովուրդի շահերուն պաշտպանութիւնն է: Ռուսաստանի դէմ պատժամիջոցներուն միանալը կրնայ ծանր հարուած ըլլալ մեր երկրին ու ժողովուրդին», յայտնած է Քոպախիձէն:
«Վրացական Երազանք»ի ղեկավարին խօսքով, Ռուսաստանի դէմ պատժամիջոցներու դէմ միանալու պահանջը հիմնական կը ներկայացնէ նախկին նախագահ Միխայիլ Սաակաշվիլիի կողմնակիցները միաւորող Ազգային միացեալ շարժումը:
Պատերազմի կուսակցութիւնը ի դէմս Ազգային միացեալ շարժման իր սադրիչ գործողութիւններով ոչ միայն կը պահանջէ միանալ Ռուսաստանի դէմ սահմանուած պատժամիջոցներուն, այլեւ կը պահանջէ, որ Վրաստանը միանայ ռազմական գործողութիւններուն: Ազգային միացեալ շարժման այդ սադրիչ արշաւին կը միանան նաեւ անոնց օտարերկրեայ լոպպիստները, որոնք եւս կոչ կ'ընեն վրացական իշխանութիւններուն՝ միանալու պատժամիջոցներուն», կը յայտարարէ Քուախիձէն: